Search
Close this search box.

Ֆրանսա-Ազերպայճան խորհրդարանական բարեկամական խումբը կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը

 

Ֆրանսա-Ազերպայճան խորհրդարանական բարեկամական խումբը կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը։ Այս մասին հաղորդած է խումբի ղեկավար Փիէր Վաթէն։

«Ֆրանսա-Ազերպայճան խորհրդարանական բարեկամական խումբը, զոր կը ղեկավարեմ Ազգային ժողովին մէջ, կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնն ու յարաբերութիւնները Ազերպայճանի խորհրդարանի Ազերպայճան-Ֆրանսա բարեկամական խումբին հետ»,– X-ի իր հաշիւին գրած է ան։