Ազերպայճանի պետութիւնը Ֆրանսայի իր փաստաբաններուն միջոցով՝ Տռոմի նահանգին մէջ գտնուող Պուռ-լէ-Վալանսի քաղաքապետարանէն պահանջած է վար առնել Արցախի դրօշը, որ կը ծածանի քաղաքի մուտքին։ Ուշագրաւը այն է, որ այս պահանջը ներկայացնող նամակը՝ քաղաքապետարանը ստացած է ճիշդ ու ճիշդ Ապրիլ 24-ին, Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրը։
Պուռ-լէ-Վալանսի մէջ Ապրիլ 24-ին տեղի ունեցած՝ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութեան, քաղաքապետ Մառլէն Մուռիէ իր ելոյթին ընդգծած է, որ «կարեւոր է այս թուականը ոգեկոչել, մինչ երկրորդ ցեղասպանութիւն մը կը սպառնայ հայ ժողովուրդին, եթէ կառավարութիւնները եւ միջազգային կառոյցները չարձագանգեն»։
Դրօշը վերցնելու այս պահանջով «Պուռ-լէ-Վալանս անգամ մը եւս կ՚ենթարկուի Պաքուի ճնշումին»,– արձագանգած է քաղաքապետարանը, որ հաստատած է, թէ «ազերպայճանական բռնապետութեան այս նոր միջամտութիւնը Ֆրանսայի Հանրապետութեան մէկ համայնքին որոշումներուն՝ կու գայ աւելնալու քաղաքապետարանի նախապէս ենթարկուած յարձակումներու ցանկին, որոշներ՝ տիկին քաղաքապետի անձին դէմ ճնշումներով»։
Փաստօրէն, սա առաջին անգամը չէ, որ քաղաքապետարանին կը հասցէագրուի նման պահանջ։ 2016-ին քաղաքապետարան եկած էր դատական կարգադրիչ մը (huissier)՝ հարցը պաշտօնապէս ձեւակերպելու համար։ 2020-ին Մառլէն Մուռիէ անձամբ ենթարկուած էր զանազան սպառնալիքներու եւ ճնշումներու։ Այդ ժամանակ, անծանօթներ մտեր էին քաղաքապետարան՝ անոր պարտադրելու, որ վերցնէ Արցախի Հանրապետութեան դրօշը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։