Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – ԱՐՑԱԽ – Ազերպայճան արգիլած է Ֆրանսայի ուղարկած մարդասիրական օգնութեան Արցախ մուտքը

Ինչպէս գրած էինք, ընդառաջելով CCAF-ի դիմումին՝ Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկօ կոչ ըրած էր Ֆրանսայի տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն՝ միանալու դէպի Արցախ կազմակերպուող մարդասիրական օգնութեան շարասիւնին։ Կոչին ընդառաջած էին երկրի մեծագոյն շրջաններէն Իլ-տը-Ֆրանս, Օվերնեը–Ռոն-Ալփ, Հօ-տը-Ֆրանս, Օքսիթանիա, Փրովանս–Ալփ–Գոթ տ՚Ազիւր եւ Փէի-տը-լա-Լուառ, ինչպէս նաեւ քաղաքներ, տեղական ինքնակառավարման իշխանութիւններ։ Աւելի՛ն, Անն Հիտալկօ յայտարարած էր, թէ քաղաքական այլ անձնաւորութիւններու հետ պիտի ուղեկցի շարասիւնին, այն յոյսով, որ իրենց ներկայութիւնը պիտի բեկանէ ազերպայճանական յամառութիւնը։ 

Օգոստոս 30-ին, ֆրանսական մարդասիրական օգնութեան բեռնակառքերը Երեւանէն ճամբայ ելած են դէպի Կոռնիձոր` այնտեղէն Արցախ ուղեւորուելու համար, Անն Հիտալկոյի եւ ֆրանսացի բարձրաստիճան քաղաքական դէմքերու ուղեկցութեամբ: Սակայն, Բերձորի մուտքին՝ անոնց եւս բաժին ինկած է Հայաստանէն աւելի քան ամիս մը առաջ ճամբայ ելած եւ ազերպայճանական արգելքին պատճառով հոն՝ Կոռնիձոր անշարժութեան մատնուած բեռնակառքերու ճակատագիրը։ Ազերպայճան արգիլած է անոնց Արցախ մուտքը։

Ոչ Անն Հիտալկոյի, ոչ Հօ-տը Ֆրանսի նախագահ Զավիէ Պերթրանի, ոչ Իլ-տը-Ֆրանսի փոխնախագահ Փաթրիք Քարամի, ոչ Ծերակոյտի մէջ Հանրապետականներու խումբի նախագահ Պրիւնօ Ռըթայոյի, ոչ Սթրազպուրկի քաղաքապետուհի Ժանն Բարսեղեանի եւ ոչ ալ Մարսիլիոյ նախկին քաղաքապետուհի եւ ներկայիս խորհրդական Միշէլը Ռիւպիրոլայի ներկայութիւնը ազերի «սահմանապահ»-ներու անզիջողութենէն որեւէ բան կրցած է փոխել։ 

Համաշխարհային քարտէսի հզօրագոյն եւ «խօսքի տէր» երկիրներէն մէկուն ներկայացուցիչներուն վերապահուած այս վերաբերումը,– եթէ դեռ հարկ էր,– ցոյց կու տայ, թէ Ազերպայճան որքա՛ն կը վստահի իր ուժերուն (կարկինը լայն բանալով), եւ մանաւանդ ի՛նչ աստիճանի պատրաստ է իր անմարդկային, ապօրինութիւններով լի քաղաքականութիւնը շարունակելու, առանց նուազագոյն զիջումի եւ մտավախութեան։ Վերեւ ըսինք՝ կարկինը լայն բանալով, քանի որ «իր ուժերուն» ըսելով՝ կ՚ակնարկենք նաեւ իր վստահած, վայելած մեզի ծանօթ եւ անծանօթ երաշխաւորներուն, երաշխիքներուն։ Բայց այս մէկը խորհրդածութեան առանձին եւ ստուար նիւթ է։

Բերձորի մուտքին, ֆրանսական շարասիւնին առջեւ ճամբուն փակուելէն ետք Անն Հիտալկօ X-ի իր հաշիւին անմիջապէս հրապարակած է հետեւեալ գրառումը. «Հոս, Լաչինի միջանցքին՝ կը վկայենք, որ մարդասիրական ոչ մէկ օգնութիւն կրնայ մուտք գործել Արցախ, ինչ որ մարդկային իրաւանց ամբողջական խախտում է։ Մարդասիրական օգնութեան մեր 10 բեռնակառքերու ճամբան խափանուած է։ Մարդասիրական տագնապ մը ընթացքի մէջ է։ Անյետաձգելի ստիպողական վիճակ կը տիրէ»։ 

Ի միջի այլոց, թերեւս անտեղի պիտի չըլլար ստուգել, թէ ազերերէն բառարաններու մէջ ի՞նչ բացատրութիւն տրուած է «մարդասիրութիւն» եզրին, յետոյ ալ՝ «քաղաքակրթութիւն»-ին։ 

Փարիզի քաղաքապետուհին Արցախի մէջ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն որակած է

Գորիսի մէջ տեղի ունեցած է ֆրանսական պատուիրակութեան մամլոյ ասուլիսը, որու ընթացքին Փարիզի քաղաքապետուհին յայտարարած է.

“Մենք այսօր այստեղ ենք, որովհետեւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը դիմեց մեզի եւ ըսաւ, որ ժամանակն է գործելու, ժամանակն է դիմելու Ֆրանսայի ժողովուրդին։ Եւ յատկապէս Ֆրանսայի տեղական իշխանութիւններու միաւորման անհրաժեշտութիւնը կար, որպէսզի կարողանայինք մարդասիրական օգնութիւն հասցնել Արցախ։

Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու միաւորման շնորհիւ՝ կարելի եղաւ 10 բեռնակառք մարդասիրական օգնութիւն հայթայթել, որոնք կը պարունակեն պարէնային սնունդ, երախաներու համար սնունդ, փոշի կաթ, նաեւ ելեկտրականութիւն արտադրող գործիքներ, արեգակնային վահանակներ։ Այս ամէնը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ Արցախին դիմադրելու”։

Ան նշած է, որ մարդասիրական օգնութիւնը նախատեսուած է Արցախի վեց քաղաքներուն համար, որոնք 2022 Դեկտեմբերէն ի վեր շրջափակման մէջ են:

“Մեր ուղերձը յստակ է եւ պարզ։ Նախ եւ առաջ կոչ կ՚ընենք յարգելու միջազգային իրաւունքը։ Արցախահայերը շրջափակման մէջ են անկախ իրենց կամքէն եւ այս շրջափակումը տեղի կ՚ունենայ խախտելով միջազգային իրաւունքն ու 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը։ Արցախի մէջ այսօր տեղի ունեցածը նման է ցեղասպանութեան։ Պատժական միջազգային ատեանի նախկին դատախազն ալ եղածը որակեց ցեղասպանութիւն։

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի խորհրդականը, որ ցեղասպանութեան կանխարգիլման պատասխանատու է, ան եւս նոյն եզրը գործածեց Արցախի իրավիճակը որակելու համար։ Ցեղասպանութիւն, ցեղային զտում՝ բռնատէր վարչակարգի մը կողմէ ժողովուրդի մը հանդէպ, որ պարզապէս կը պահանջէ յարգել իր իրաւունքները։ Այս կացութեան պատճառով եկած ենք հոս վկայելու եւ դատապարտելու։ Մենք նաեւ կը դիմենք Ֆրանսայի նախագահին, որ ան օգտագործէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մէջ իր դիրքը բանաձեւ ընդունելու համար՝ Արցախի ժողովրդի իրաւունքները յարգելու նպատակով”,– շեշտած է տիկին Հիտալկօ:

Զաւիէ Պերթրան. «Ազերպայճան թոյլ չի տար, որ Արցախահայերը ապրին եւ կ՚արհամարէ միջազգային իրաւունքը»

Մամլոյ ասուլիսին, Հօ-տը-Ֆրանսի շրջանի նախագահ Զաւիէ Պերթրան ալ յայտարարած է.

“Բոլոր անոնք, որոնք ներկայ են այստեղ, շատ լաւ գիտեն, թէ ի՛նչ կը կատարուի Արցախի մէջ: Սակայն նոյնը կարելի չէ ըսել շատերու մասին, որոնք Հայաստանէն դուրս կը գտնուին։ Շատեր չեն գիտեր, որ 2023 թուականին Ազերպայճան թոյլ չի տար, որ Արցախահայերը ապրին։ Շատեր չեն գիտեր, որ Արցախի մէջ երախաները չեն կրնար բնականոն սնուիլ, որ նորածինները բաւական սնունդ չունին եւ շատեր չեն գիտեր, որ հոն խիստ սահմանափակ է նաեւ կազը, ջուրը եւ ելեկտրականութիւնը։ Այնտեղ մարդիկ այդ ամէն ինչէն զրկուած են Ազերպայճանի պատճառով։ Վերջինս կ՚արհամարհէ միջազգային իրաւունքը։ Ահաւասիկ, թէ ինչո՛ւ Ֆրանսայի տարբեր շրջաններու ներկայացուցիչները միանալով կազմակերպած են մարդասիրական այս շարասիւնը, որպէսզի մարդիկ կարենան արժանապատիւ ապրիլ՝ մինչեւ միջազգային իրաւունքին ամբողջութեամբ գործելը։ Եւ այդ մեզի արգիլուեցաւ։ Այդ է, որ կ՚ուզենք ազդարարել եւ դատապարտել”,– ընդգծած է Պերթրան, կոչ ուղղելով միջազգային միւս դերակատարներուն նմանատիպ նախաձեռնութիւններ կազմակերպելու դէպի Արցախ:

“Ազերպայճան նպատակ ունի Լեռնային Ղարաբաղը բանտի վերածելու եւ այնտեղէն քշելու բնակիչները։ Մենք չենք ուզեր, որ Լեռնային Ղարաբաղը վանդակ դառնայ, այլ կը փափաքինք, որ այնտեղի բնակիչները ազատ ապրին”,– ըսած է Հօ-տը-Ֆրանսի շրջանի նախագահը:

Ան նաեւ հարց տուած է միջազգային դերակատարներուն, թէ ի՞նչ պէտք է ընել, որ անոնք վերջապէս արթննան:

“Արդեօք պէտք է սպասել որ Արցախի մէջ հարիւրաւոր զոհե՞ր ըլլան: Արդեօք ատո՞ր կը սպասէ միջազգային հանրութիւնը ի վերջոյ արթննալու համար”,– ընդվզած է Պերթրան։

Ծերակուտական Պրիւնօ Ռըթայօ. «Կը պահանջենք, որ Լաչինի միջանցքը միջազգային պաշտպանութեան տակ առնուի»

Իր կարգին, ծերակուտական Պրիւնօ Ռըթայօ յայտնած է, թէ իրենք Ֆրանսայի նախագահէն կը պահանջեն որ նպաստէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ բանաձեւի մը ընդունման, որ թոյլ պիտի տայ ապաշրջափակել Բերձորի միջանցքը եւ զայն առնել միջազգային պաշտպանութեան տակ։ Ան աւելցուցած է, թէ Արցախը սա պահուս վերածուած է բանտի մը եւ նոյնիսկ բացօթեայ համակեդրոնացման ճամբարի մը, որ ի վերջոյ պիտի յանգեցնէ ցեղասպանութեան եւ ցեղային զտման։

“Մենք այստեղ ենք մեր հայ բարեկամներուն ըսելու, որ ոչինչ չենք մոռցած։ Մեր միջեւ անքակտելի են պատմական կապերն ու մեզ կը միացնեն համամարդկային ընդհանուր արժէքները”,– եզրափակած է ծերակուտականը։

Բարսեղեան. «Իբրեւ 1915-ի ցեղասպանութենէն ճողոպրածներու թոռ եւ ծոռ՝ ինծի համար անընդունելի է, որ այսօր եւս կ՚ոտնահարուի ժողովուրդի մը պարզապէս գոյութեան իրաւունքը»

Նոյն մամլոյ ասուլիսին, Սթրազպուրկի քաղաքապետուհի Ժանն Բարսեղեան ներկայացուցած է այն երկու պատճառները, որոնք դրդած են զինք մասնակցելու Արցախին օժանդակելու նախաձեռնութեան։

“Առաջինը՝ հրատապ գործելու մղումն է։ Արցախի Արտաքին գործոց նախարարը մեզի ըսաւ, որ երկու օրուան ալիւրի պաշար մնացած է եւ իրավիճակը օր ըստ օրէ կը բարդանայ։

Երկրորդ պատճառն այն է, որ Սթրազպուրկը Եւրոպայի մայրաքաղաքն է, ուր կը գտնուին Եւրոպայի խորհուրդը եւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը։ Մենք՝ ի տես Արցախի մարդասիրական ճգնաժամին, հրատապ լուծում գտնելու ուղերձ կը յղենք Ֆրանսայի նախագահին, նաեւ եւրոպական այլ կառոյցներուն, ներառեալ Եւրոպայի խորհուրդին։ 

Իբրեւ 1915-ի ցեղասպանութենէն ճողոպրածներու թոռ եւ ծոռ՝ ինծի համար անընդունելի է, որ այսօր եւս կ՚ոտնահարուի ժողովուրդի մը արժանապատիւ ապրելու իրաւունքը, պարզապէս գոյության իրաւունքը”,– նշած է Սթրազպուրկի քաղաքապետուհին։

Արայիկ Յարութիւնեան տեսակապով ողջունած է ֆրանսական պատուիրակութիւնը

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան տեսակապով միացած է ֆրանսական պատուիրակութեան մամլոյ ասուլիսին եւ յայտարարած, թէ Արցախ չի մոռնար իրեն սատարող բարեկամները։

“Անցեալ տարի Դեկտեմբերին Ֆրանսա իմ այցի ընթացքին զգուշացուցած էի այն ամէնուն մասին, որ այսօր տեղի կ՚ունենայ։ Ցաւօք, այդ կանխատեսումները իրականութիւն դարձան։ Ի հարկէ, Ազերպայճան կ՚ակնկալէ մարդասիրական գետնի վրայ ճնշումներով ծունկի բերել Արցախցին, Արցախը, բայց ան պիտի չյաջողի։ Մենք յարգել գիտենք, բայց ծունկի գալ չենք գիտեր։ Պիտի պայքարինք այնքան, որքան կարելիութիւն կ՚ունենանք։ Հակառակ անոր որ որեւէ ակնկալիք չունինք աշխարհէն, գերտէրութիւններէն, միջազգային կառոյցներէն, բայց մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը։ Հազարամեակներէ ի վեր մեր ժառանգած արժանապատւութիւնը մեզի համար աւելի կարեւոր է”,– նշած է Արցախի նախագահը եւ շնորհակալութիւն յայտնած Ֆրանսային՝ Արցախի համար յատկացուած մարդասիրական օգնութեան բոլոր մասնակիցներուն՝ շեշտելով, որ Արցախ երբեք պիտի չմոռնայ այս բոլորը:

Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երախտագիտութիւն յայտնած է Հիտալկոյին եւ ֆրանսացի ընտրեալներուն

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երախտագիտութիւն յայտնած է Փարիզին եւ Ֆրանսայի տարբեր շրջաններուն՝ Արցախին եւ Արցախահայութեան ցուցաբերած անսասան աջակցութեան համար։ 

«Փարիզի քաղաքապետուհին եւ ֆրանսացի ընտրեալները կը խոստանան համախմբել միջազգային հանրութիւնը՝ Արցախին ամուր զօրակցութեան շուրջ»,– նշուած է Նախարարութեան X-ի էջին վրայ։ ■