Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Էլիզապէթ Պոռն հրաժարեցաւ վարչապետի պաշտօնէն. զինք կը փոխարինէ Կապրիէլ Աթթալ

Յունուար 8-ին Ֆրանսայի վարչապետ Էլիզապէթ Պոռն իր կառավարութեան հրաժարականը ներկայացուց նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնին։

62-ամեայ վարչապետուհին կառավարութեան ղեկին կը գտնուէր 2022 Մայիսէն ի վեր։

Յաջորդ օր՝ Յունուար 9-ին նախագահ Մաքրոն նոր կառավարութիւնը կազմելու պաշտօնը վստահեցաւ Կապրիէլ Աթթալի։

Աթթալ Ֆրանսայի Ե. Հանրապետութեան ամէնէն երիտասարդ վարչապետը կը դառնայ, միայն 34 տարեկանին։ Ան քաղաքական իր ասպարէզը սկսած է ընկերվարական շարքերու մէջ, նախքան միանալը նախագահ Մաքրոնի կազմած կուսակցութեան, որ երկու անուանափոխումէ ետք, ներկայիս կը կոչուի «Վերածնունդ» (« Renaissance »)։ Աթթալ, Պոռնի կառավարութեան մէջ, 2023 Յուլիսէն ի վեր կը վարէր Կրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարարի պաշտօնը։

Նշենք, որ նոր վարչապետը ֆրանսահայ համայնքի բարեկամ մըն է. վերջին տարիներուն, հայկական զանազան ձեռնարկներու, ինչպէս նաեւ Ապրիլեան ոգեկոչումներուն ներկայացուցած է ֆրանսական պետութիւնը։ ■