Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Էվիան քաղաքի «Ազերպայճանական պարտէզ»-ի մասին բոլոր յիշատակումները վերցուած են

Օվերնեը–Ռոն Ալփի շրջանը գտնուող Էվիանի քաղաքապետարանը, որ 2015-ին Ազերպայճանի Իսմայիլի քաղաքին հետ համագործակցութեան հռչակագիր ստորագրած էր եւ այդ շրջանակին մէջ 2017-ին բացումը կատարած ազերպայճանցի բանաստեղծուհի Խուրշիտպանու Նաթավանի արձանին, ինչպէս նաեւ Հիլթըն պանդոկին դիմացը գտնուող «Ազերպայճանական պարտէզ»-ին, վերջերս որոշում կայացուցած է նշեալ «պարտէզ»-էն ջնջել Ազերպայճանի մասին բոլոր յիշատակումները։

Քաղաքապետական խորհուրդի ընդդիմութեան ներկայացուցիչները պահանջած են պաշտօնապէս վերցնել «պարտէզ»-ին առնչուող բոլոր գրութիւնները։ Անոնց պահանջը թելադրուած է միջազգային իրավիճակով, Ազերպայճանի՝ Հայաստանի տարածքին վրայ սեպտեմբերեան յարձակումով, ինչպէս նաեւ  բռնապետ Իլհամ Ալիեւի՝ իր երկրին վրայ իշխելու հանգամանքով:

Քաղաքապետ Ժոզիան Լէյ ընդգծած է, որ «Ազերպայճանական պարտէզ»-ի մասին բոլոր յիշատակումները արդէն վերցուած են․ “Զբօսաշրջային գրասենեակի թուղթէ քարտէսներուն վրայ միայն մնացած են նշումները։ Երբ ծրագրերը վերամշակուին, անոնք ալ պիտի վերցուին։ Մենք նաեւ խզեցինք բոլոր կապերը անոնց (Ազէրպայճանցիներուն – «ՆՅ») հետ, որոնք շատ ալ չէին”,– ըսած է քաղաքապետը։

«Արեւմտեան Ազերպայճան» արհեստածին ու ապօրինի կառոյցն ալ Դեկտեմբեր 23-ին հրապարակած է քննադատական հաղորդագրութիւն մը՝ նշելով, որ Ֆրանսա կը պաշտպանէ Հայերը եւ անբարեացակամ է Ազերպայճանի նկատմամբ։ Ալիեւի հովանաւորութեամբ ստեղծուած այս կառոյցը քննադատած է Ֆրանսան՝ «հակաազերպայճանական սոյն քայլին համար»։