Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Ծերակոյտը կը քննարկէ Ազերպայճանը դատապարտող բանաձեւը

Յունուար 17-ին Ծերակոյտը կը քննարկէ 2023 Դեկտեմբեր 1-ին առաջարկուած միջկուսակցական բանաձեւը, որ կը դատապարտէ Արցախի մէջ Ազերպայճանի ռազմական յարձակումը, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան ոտնահարումն ու այդ գծով հետագայ փորձերը։

Բանաձեւը կոչ կ՚ընէ պատիժներ կիրարկելու Ազերպայճանի դէմ եւ կը պահանջէ երաշխաւորել հայ բնակչութեան՝ Արցախ վերադառնալու իրաւունքը։