Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Ծերակոյտի նախագահը ցեղային զտում որակած է Արցախի ժողովուրդին դէմ Ազերպայճանի ռազմական յարձակումը

 

Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լառշէ «Le Figaro»-ին տուած հարցազրոյցին, Արցախի ժողովուրդին դէմ Ազերպայճանի ռազմական յարձակումը ցեղային զտում որակած է։

“Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, ես իմ զօրակցութիւնը կը յայտնեմ եւ հարցում կ՚ուղղեմ․ արդեօք պէ՞տք է զոհել այդ երկիրը Ազերպայճանի հետ ուժանիւթի պայմանագրի զոհասեղանին։ Ատեն-ատեն պէտք է խիզախութիւն դրսեւորել։ Մենք բոլորս պէտք է կանգնինք Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հայերու կողքին։ Զանոնք ստիպած են լքելու հող մը, որ իրենցն էր։ Եթէ սա ցեղային զտում չէ՞ հապա ի՞նչ է”,– նշած է Ծերակոյտի նախագահը։