Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Հայաստանի նուիրուած յատուկ յայտագիր «Grand échiquier» հաղորդաշարէն

Օգոստոս 31, ժամը 21.10-ին, հեռատեսիլի France 2 կայանը պիտի սփռէ հեղինակաւոր «Grand Echiquier» հաղորդաշարի՝ Հայաստանի նուիրուած յատուկ յայտագիրը, որ ֆրանսախօս ակնդիրին կարելիութիւն պիտի ընձեռէ բացայայտելու հայ ժողովուրդի մշակութային հարստութիւնները։ 

Հաղորդումը նկարահանուած է Վերսայլի դղեակին մէջ։ 

Բացառիկ այս երեկոյթը, զոր պիտի հանդիսավարեն հեռատեսիլի նշանաւոր լրագրող Գլէր Շազալ եւ ֆրանսահայ հանրածանօթ երաժիշտ, դաշնակահար Անտրէ Մանուկեան, նպատակ ունի նաեւ ֆրանսական հանրութեան տեղեկացնելու Ազերպայճանի 2022 Դեկտեմբերէն ի վեր պարտադրած շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած Մարդասիրական տագնապին մասին։ 

Հայաստանին իրենց աջակցութիւնը յայտնելու նպատակով «Grand Echiquier»-ի այս յատուկ հաղորդման կը մասնակցին ֆրանսահայ անուանի արուեստագէտներ՝ երգիչներ Փաթրիք Ֆիորի եւ Հելէն Սեկարա, կատակերգակ Մաթիէօ Մատէնեան, կատակերգակ եւ դերասան Փասքալ Լեժիթիմիւս, թատերագիր եւ դերասան Սիմոն Աբգարեան,  շարժանկարի նշանաւոր բեմադիր Ռոպէր Կէտիկեան, բայց նաեւ ոչ-Հայեր, ինչպէս՝ երգիչ  Փաթրիք Պրիւէլ եւ իրենց գործունէութեան ասպարէզին մէջ մեծ հեղինակութիւն վայելող մշակութային բազմաթիւ այլ գործիչներ։ 

Յայտագրի յատուկ հիւրերու շարքին են նաեւ համբաւաւոր ճանապարհորդ, գրող եւ փիլիսոփայ Սիլվէն Թեսոն եւ «Figaro Magazine»-ի փոխտնօրեն Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն, որոնք ֆրանսացի ակնդիրներուն հանգամանօրէն պիտի ներակայացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի առջեւ ներկայիս ծառացած մարտահրաւէրները:

Երեկոյթի ընթացքին յարգանքի տուրք պիտի մատուցուի նաեւ աշխարհահռչակ Շառլ Ազնաւուրին՝ անոր «Աւէ Մարիա» եւ «Անոնք ինկան» (« Ils sont tombés ») գործերու ինքնատիպ կատարումներու միջոցով, երգիչին որդւոյն՝ Նիքոլա Ազնաւուրի ներկայութեամբ։