Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Մահ՝ Ժան-Գլօտ Կօտէնի

Մայիս 20-ին, 85 տարեկանին իր մահկանացուն կնքած է Ֆրանսայի քաղաքական ասպարէզի ամենածանօթ դէմքերէն, Մարսիլիոյ նախկին երկարամեայ քաղաքապետ Ժան-Գլօտ Կօտէն։ 

Բնիկ Պուշ-տիւ-Ռոնի «զաւակ», 1986-1998 թուականներուն ան եղած է Փրովանս-Ալփ-Գոթ տ՚Ազիւրի շրջանային խորհուրդի նախագահ, 1995-2020 թուականներուն՝ Մարսիլիոյ քաղաքապետ եւ 2015-2018 ալ՝ Էքս-Մարսէյլ մեթրոփոլի նախագահ։

Կօտէն երեսփոխան եղած է 1978-1989 թուականներուն, ծերակուտական՝ 1989-2017 եւ քանի մը անգամ Ծերակոյտի փոխնախագահ։ 1995-1997 թուականներուն ան վարած է նաեւ Տարածաշրջանային ծրագրաւորման, քաղաքներու եւ համարկման նախարարի պաշտօն՝ Ժիւփէի երկրորդ կառավարութեան մէջ։

Անձը ունէր շատ համակիրներ, բայց նաեւ զինք չսիրողներ, անոր ասպարէզը ունէր բազմաթիւ դրական, բայց նաեւ մշուշոտ էջեր։ Սակայն զուտ հայկական տեսանկիւնէ դիտած՝ անկարելի է ապերախտութիւն ցուցաբերել անոր նկատմամբ, ուրանալ հայութեան եւ Հայ դատին ի նպաստ անոր գործունէութիւնը, մօտեցումը։ 

Ի զուր չէ, որ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը՝ CCAF բացառիկ արագութեամբ, մահուան բօթին յաջորդած առաջին ժամերուն իսկ հրապարակեց ցաւակցական հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«CCAF մեծ ցաւով տեղեկացաւ Ժան-Գլօտ Կօտէնի մահուան մասին, որ իր քաղաքական ասպարէզի ընթացքին գիտցաւ ինչպիսի հաւասար եռանդով ծառայել Ֆրանսայի եւ իր ղեկավարած Մարսիլիոյ քաղաքացիներու շահերուն: Պետութեան մեծ ծառայ մը, որ 25 տարի եղաւ Մարսիլիոյ քաղաքապետը, իր մարդկային ջերմութեամբ, իր հռետորական տաղանդով եւ իր համոզումներու ուժով զգալի ազդեցութիւն ունեցաւ ազգային ու տարածաշրջանային քաղաքական դաշտին վրայ։ Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, անկարելի է մոռնալ անոր յանձնառութիւնը ի նպաստ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ներգրաւումը՝ ժխտողականութիւնը պատժող օրէնքի հաստատման ի խնդիր, ինչպէս նաեւ Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ինքնորոշման իրաւունքի իր անժխտելի փարումը։ Այս կորուստէն ազդուած՝ CCAF կը միանայ սուգին՝  մարսիլիացիներու, Ծերակոյտի եւ Հանրապետութեան այն բոլոր կառոյցներուն, որոնց ծառայեց Ժան-Գլօտ Կօտէն: CCAF կը ցաւակցի անոր ընտանիքին եւ հարազատներուն»։