Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – «Մարդու թանգարան»-ը ազերի լուսանկարիչ Ռեզայի հետ իր անհամաձայնութիւնը կը յայտնէ, բայց կը շարունակէ ցուցադրել անոր գործերը

Ազերի լուսանկարիչ Ռեզա, որ երբեք չէ վարանած իր թունդ հակահայ դիրքորոշումը արտայայտելու եւ ամէն անգամուն, որ ցուցահանդէս սարքած է Ֆրանսայի մէջ՝ բողոքներու եւ վէճերու պատճառ դարձած է, դարձեալ շանթերը (կամ ալ՝ աւելի պատշաճ պիտի ըլլար ըսել՝ ուշադրութի՞ւնը. եթէ այդ է իր փնտռածը) հրաւիրած է իր վրայ։ 

Արդարեւ, հակառակ անոր որ ենթական իր վարքագծին վայել կեցուածքով ողջունած է Արցախի վրայ ազերպայճանական յարձակումը, Փարիզի «Մարդու թանգարան»-ը («Musée de l’Homme»), որ երգիծանկարիչ Փլանթիւի ստեղծագործութիւններուն հետ միասին Մայիսէն ի վեր կը ցուցադրէր անոր լուսանկարները (« Plantu – Reza : Regards croisés »), ոչ մէկ հակազդեցութիւն ցուցաբերած էր։ 

Այս կացութիւնը, բնականաբար, բողոքի ելգիրերու, նամակներու, հեռաձայններու տարափի մը տեղի տուած էր, որու՝ Թանգարանը ի վերջոյ տեղի տալով՝ շատ կարճ հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է, զոր կու տանք ստորեւ. 

«ՌԵԶԱՅԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ. ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ

“Մարդու թանգարան”-ը ներկայիս կը ցուցադրէ լուսանկարիչ Ռեզայի գործերը:

Վերջինս ընկերային ցանցերու վրայ արտայայտուելով՝ իր աջակցութիւնը յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի վրայ ռազմական յարձակման։

“Մարդու թանգարան”-ը որեւէ ձեւով չի բաժներ անոր մեկնաբանութիւնները եւ խստօրէն կը դատապարտէ այդ տարածաշրջանին մէջ Ազերպայճանի որդեգրած ուժի կիրարկումը»։

Բայց եւ այնպէս, հակառակ այս կարճ հաղորդագրութեան՝ Թանգարանը կը շարունակէ անոր լուսանկարները ցուցադրել մինչեւ Դեկտեմբեր 31։

Ժողովրդային լեզուով պիտի ըսէինք՝ «Է՜, ի՛նչ հասկցանք»։