Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Նախագահ Մաքրոն՝ Արցախի հարցով. «Ռուսաստան կը մեղսակցի Ազերպաճանին, մինչ Ֆրանսա կ՚աջակցի հայ ժողովուրդին»

Նախագահ Մաքրոն Կիրակի, Սեպտեմբեր 24-ի երեկոյեան, ֆրանսական հեռատեսիլի TF1 կայանին տուաւ հարցազրոյց մը, որ ուղղակի սփռուեցաւ իրիկնային լուրերու ժամուն։  Ֆրանսան յուզող բազմաթիւ հարցերու երկար շարքին՝ անդրադարձ եղաւ նաեւ Արցախի իրավիճակին։ 

Լրագրողը նախագահին հարց տուաւ. «Կը հաստատէ՞ք Ֆրանսայի աջակցութիւնը հայ ժողովուրդին, քանի որ ծագումով հայ շատ մը Ֆրանսացիներ ձեզ կ՚ունկնդրեն այս գիշեր, կը հարցադրուին, մտահոգ են։ Ձեր աջակցութիւնը պիտի ըլլայ միայն բանաւո՞ր, թէ՞… Ինչ ձեւով կարելի է աջակցիլ Հայերուն»։ Նախագահ Մաքրոն պատասխանեց. 

«Հայերը գիտեն, որ իմ զօրակցութիւնը շարունակական, ամբողջական եւ անվերապահ է սկիզբէն ի վեր։ Վերջին օրերուն վկայ եղանք անընդունելի ոճիրներու, ռազմական գործողութիւններու՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, այն շրջանին, որ ետ առնուեցաւ (reprise) Ազերպայճանի կողմէ 2020-ի աշնան ու ձմռան, սարսափելի պայմաններու մէջ, եւ հոն ապրող փոքրամասնութիւններու եւ ի մասնաւորի բազմահազար քրիստոնեաներու՝ հայ բնակչութեան իրաւունքները ամբողջովին ոտնահարուեցան։ 

Ուրեմն, առաջինը՝ պիտի շարունակենք զօրաշարժը՝ մարդասիրական գետնի վրայ օգնութեան փութալով Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան, սննդեղէնի հայթայթումով եւ փրկարար աշխատանքներով։ Ապա երկրորդ՝ քաղաքական գետնի վրայ պիտի զօրակցինք. միակ խաղաղութիւնը, զոր կարելի է բանակցիլ,– արդէն ժամեր ու ժամեր բանակցած եմ այս մասին Ազերպայճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին հետ,– ժողովուրդներու եւ ի մասնաւորի Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու երաշխաւորումով պէտք է ըլլայ։ Եւ հուսկ երրորդ՝ Ֆրանսա կը շարունակէ մնալ աչալուրջ Հայաստանի հողային ամբողջականութեան նկատմամբ, քանի որ ա՛յդ է խնդրոյ առարկան, շատ յստակ է։ Այսօր, Ռուսաստան կը մեղսակցի Ազերպայճանին. ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ, ան միշտ աջակցած է նման խաղերու (manœuvres), եւ կայ անզուսպ իշխանութիւն մը («ՆՅ» – խօսքը Ազերպայճանի մասին է), եւ այս ամբողջը սպառնալիք է Հայաստանի սահմաններուն։ Ֆրանսա Հայոց կողքին պիտի կանգնի յստակ կերպով, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւունքին… ամէն անգամ»։