Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Ուքրաինայի դրօշը վերցուած է Վիէնի քաղաքապետարանի ճակատէն

Ֆրանսայի հարաւ-արեւելքը գտնուող Վիէնի քաղաքապետ Թիէրի Քովաքս որոշած է ուքրաինական դրօշը վերցնել քաղաքապետարանի ճակատէն՝ Ուքրաինայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսկիի՝ Ադզերպայճանի հետ համագործակցութեան վերաբերեալ յայտարարութենէն ետք։

Քաղաքապետը այս առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ըսած է.

«Կարելի չէ վկայակոչել արեւմտեան արժէքները եւ անոնց հիման վրայ օգնութեան ձեռք երկարել Արեւմուտքին` միաժամանակ բաժնելով Լեռնային Ղարաբաղի ցեղային զտման հեղինակ վարչակազմի տեսլականը։ Ազերպայճանի բռնապետին աջակցութիւն յայտնելու այս եղանակը անընդունելի է։ Այս հեռացումը (դրօշի – խմբ.) ո՛չ մէկ ձեւով կը նուազեցնէ այն աջակցութիւնը, զոր Վիէն կը ցուցաբերէ ուքրաինացի ժողովուրդին»։

Քովաքս նաեւ շեշտած է, որ «կարելի չէ շնորհակալութիւն յայտնել Պաքուին» մարդասիրական օգնութեան, մասնաւորապէս՝ ուժանիւթի բնագաւառին մէջ ցուցաբերած աջակցութեան համար, քանի որ Ազերպայճան «կազը մէկուկէս անգամ աւելի սուղ գինով կը վաճառէ՝ Հայաստանի դէմ իր ռազմամթերքը գանձատրելու նպատակով»։

Նշենք, թէ Զելենսկի վերջերս հաղորդած էր Ալիեւի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին մասին, որու ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնած էր Ազերպայճանի ցուցաբերած մարդասիրական օգնութեան, յատկապէս՝ ձմռան ընդառաջ ուժանիւթի ոլորտին ցուցաբերած աջակցութեան համար։ Բացի ատկէ, կողմերը գաղափարներ փոխանակած էին նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան, ներկայ մարտահրաւէրներու եւ փոխադարձ գործակցութեան եղանակներու շուրջ։