Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Պրիւնօ Ռըթայօ՝ վարչապետ Պոռնին. «Թերեւս պիտի անդրադառնանք, որ Պատմութեան առջեւ չունեցանք արժանի քաջութիւնը»

Ծերակոյտի մէջ, վարչապետ Էլիզապէթ Պոռնի հետ հարցում-պատասխանի բաժնին՝ Վանտէի ծերակուտական, Ծերակոյտի՝ «Հանրապետականներ»-ու խումբի նախագահ Պրիւնօ Ռըթայօ խօսք առնելով՝ կուռ ելոյթ մը ունեցած է, նախքան իր հարցումները յղելը։ Իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան անդրադարձով սկսած է ան իր խօսքերը, յայտարարելով՝ «Այսօր բոլորս մենք զմեզ կը զգանք Իսրայէլացի, բոլորս մենք զմեզ կը զգանք Հայ։ Իրարանման ողբերգական ճակատագրերու տէր՝ ցեղասպանուած երկու ժողովուրդներ։ Այո՛, նաեւ Հայ, քանի որ…». այնուհետեւ ան արցախեան վերջին դէպքերու հակիրճ պատմականը ներկայացնելով՝ եզրակացուցած է, թէ Արցախի Հայերը իրենց 3000-ամեայ հողերէն արտաքսուեցան հազիւ թէ երեք օր տեւած ազերպայճանական յարձակումով, ու հարց տուած է վարչապետին. «Կրնա՞ք յստակօրէն յայտարարել, որ Արցախի մէջ պատահածը ցեղային զտում էր։ Նաեւ կ՚ուզէի իմանալ՝ ինչպիսի՞ քայլերու ձեռնարկել կը մտածէք Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը ապահովելու համար եւ թէ արդեօք կը դատապարտէ՞ք Վոն տեր Լայէնի՝ Պաքուի հետ կնքած՝ Եւրոպա կազ ներածելու մասին տխրահռչակ համաձայնագիրը, մանաւանդ որ այդ կազին մէկ մասն ալ ռուսական է”։  

Վարչապետուհին իր պատասխանին մէջ խուսափած է «ցեղային զտում» որակումէն, յայտարարելով հանդերձ թէ աւելի քան 100.000 Հայեր տեղահանուած են «Լեռնային Ղարաբաղի իրենց պապենական հողերէն» Ազերպայճանի ռազմական գործողութեան պատճառով, եւ սա հակառակ անոր որ Ալիեւ 2022 Հոկտեմբերին Փրակայի մէջ յանձնառու եղած էր բացառելու ուժի տարբերակը։ Վարչապետուհին ըսած է նաեւ, որ այս ամսու ընթացքին Պրիւսէլի մէջ նոր փորձ մը պիտի կատարուի Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարները բանակցութեան սեղանի շուրջ մէկտեղելու եւ այլն։ Թուած է Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանի ցուցաբերուող մարդասիրական զանազան եւ վերջերս ալ ռազմական օգնութիւնը, հաւաստելով Ֆրանսայի անսեթեւեթ օրակցութիւնը Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ երկրին հողային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը պահպանելու հարցին մէջ, եզրափակելով, որ Ֆրանսա աչալուրջ պիտի հետեւի Պաքուի վարքին։  

Այնուհետեւ, Ռըթայօ դարձեալ խօսք առնելով՝ շատ կարճ ելոյթ մը ունեցած է։ Նախ վարչապետուհիէն խնդրած է վերջ տալ զոհն ու դահիճը՝ Հայաստանն ու Ազերպայճանը նոյն հարթակին վրայ դնելու։ Ապա յիշեցնելով, որ յառաջիկայ Փետրուարին, նախագահ Մաքրոնի հրահանգով՝ Հայոց ցեղասպանութեան որբացած Մանուշեանի աճիւնները Պանթէոն պիտի փոխադրուին, ու ըսած է թէ Մանուշեան իր հետ հոն պիտի տանի իր զէնքի ընկերներուն վեհ յիշատակն ալ,– զորս Արակոն որակած էր՝ «նախընտրութեամբ Ֆրանսացիներ»,– բայց նաեւ տառապեալ ամբողջ ազգի մը զաւակներուն, Ցեղասպանութեան զոհերուն խղճի ձայնը. անոնք իրենց գերեզմաններէն այսօր կը խնդրեն Ֆրանսայի պաշտպանութիւնը՝ իրենց ժողովուրդի մնացորդացին համար։ Եւ Մանուշեանի աճիւններու Պանթէոն փոխադրութեան արարողութեան ընթացքին՝ նախագահ Մաքրոն շատ մեծ հաւանականութեամբ վեր պիտի առնէ  Մանուշեանի քաջութիւնը. «թերեւս այդ առթիւ պիտի անդրադառնանք, որ Պատմութեան առջեւ չունեցանք արժանի քաջութիւնը»։