Search
Close this search box.

2023-ի Միջազգային Հրանդ Տինք մրցանակները

 

Միջազգային Հրանդ Տինք մրցանակը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս յանձնուեցաւ Սեպտեմբեր 15-ին՝ Հրանդ Տինքի ծննդեան տարեդարձին օրը։ Այս տարի մրցանակը տրուեցաւ Թուրքիայէն «Աչըք ռատիօ» ձայնասփիւռի ալիքին եւ Թուրքիոյ դուրսէն՝ Գոլոմպիայէն, «Խոսէ Ալեւար Ռեսթրեփօ փաստաբաններու համախմբում»-ին։

Մրցանակին նպատակն է ըսել, որ առանձին չեն այն կազմակերպութիւնները եւ խմբակները, որոնք յոյս կը ներշնչեն մարդկութեան, անոնք որոնք կ՚աշխատին աւելի ազատ եւ արդար աշխարհի մը համար, զերծ՝ զատողութենէ եւ բռնութենէ, որոնք վտանգի կ՚ենթարկեն իրենց անձը իրենց գաղափարներուն համար, եւ կը գործածեն խաղաղութեան լեզուն։

Պոլսոյ «Արթեր» կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին, որ ուղղակի կը սփռուէր համացանցի վրայ, Հիմնարկին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց նախագահուհի Ռաքէլ Տինք։ Ան իր ելոյթին ըսաւ. «Որպէս Հրանդ Տինք Հիմնարկ, բեւեռացնող եւ օտարացնող քաղաքականութեան դէմ կը շարունակենք մեր պայքարը մեր դրացիներուն հետ խաղաղութեան մէջ ապրելու, յարգանքը եւ սէրը արմատացնելու, աւելի բարի, խաղաղասէր եւ արդար աշխարհի մը եւ երկրի մը համար»։

Այս տարի Թուրքիոյ դուրսէն մրցանակը ստացաւ «Խոսէ Ալեւար Ռեսթրեփօ փաստաբաններու համախմբում»-ը, որ հիմնուած է Գոլոմպիոյ մէջ, արհեստավարժ փաստաբաններու կողմէ, մարդկային իրաւանց դատերու խախտումներուն դէմ պայքարելու համար։

Իսկ Թուրքիոյ ներսէն մրցանակը ստացաւ «Աչըք Ռատիօ» ձայնասփիւռի ալիքը։ Մրցանակը Ռաքէլ Տինքէն ստացաւ ձայնասփիւռի խմբագրապետ Էօմէր Մատրա։ Վերջինս իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ քանդումին, պատերազմներուն եւ հետզհետէ ուռճացող ապաստանեալներու խնդրին։ Շեշտեց, որ ժողովրդավարութիւնը ամէն տեղ հարուածներ կը ստանայ մղձաւանջի վերածուած աշխարհի մը մէջ, բայց իրենց ձայնասփիւռը կը շարունակէ գործել առանց իր ճամբէն շեղելու։

Հանդիսութեան ընթացքին, Թուրքիոյ մէջ եւ աշխարհի չորս ծագերուն իրենց ըրածներով մարդկութեան համար «լոյս» հանդիսացած, վտանգի ենթարկուելով իրենց շրջապատը ներշնչած անձեր եւ խմբաւորումները յիշուեցան՝ Ֆրանսայէն Վրաստան, Հնդկաստանէն Իսրայէլ, Կիպրոսէն մինչեւ Պրազիլ, մարդկային իրաւունքները եւ արդարութիւնը պաշտպանող, սեռային խտրականութեան, տնտեսական անարդարութեան եւ աղքատութեան դէմ պայքարող, կենսոլորտի պաշտպանութեան սատարող անձեր եւ նախաձեռնութիւններ։

Այս տարուան դատակազմը կը բաղկանար Ռաքէլ Տինքէ, Սերրա Եըլմազէ, Նիլկիւն Թօքէրէ, Նունէ Սարգիսեանէ, Թուրկութ Թարհանլըէ, Իշթար Լախանիէ, Շահրազատ Աքպարէ, Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց հիմնարկէն եւ Շահիտուլ Ալամէ։

Քաղուած՝ «Ակօս»-էն