Search
Close this search box.

2024 Յունուար 1-էն սկսեալ Արցախի Հանրապետութիւնը կը դադրի գոյութիւն ունենալէ

 

Արցախի նախագահին հրամանագիրը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան ստորագրած է հրամանագիր մը՝ 2023 Սեպտեմբեր 19-էն յետոյ ստեղծուած իրավիճակէն բխող գործողութիւններու մասին։

Համաձայն հրամանագրին՝ ստեղծուած ռազմաքաղաքական ծանր իրավիճակի կապակցութեամբ՝ մեկնելով Արցախի ժողովուրդի ֆիզիքական անվտանգութեան եւ կենսական շահերու ապահովման առաջնահերթութենէ՝ նկատի առնելով ռուսական խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութեան միջնորդութեամբ գոյացած համաձայնութիւնը, Ազերպայճանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն հետ պայմանաւորուելով, որ Արցախի բնակիչներուն, այդ կարգին՝ զէնքերը վար դրած զինուորականներու ազատ, կամաւոր եւ անխոչընդոտ անցնիլը կ՚ապահովուի Բերձորի միջանցքի երկայնքով կառքերու վրայ իրենց գոյքով, եւ առաջնորդուելով Արցախի Սահմանադրութեան 93-րդ յօդուածով, որոշում կայացուած է.

«Մինչեւ 2024-ի Յունուար 1-ը լուծարել իրենց գերատեսչութեան ենթակայ բոլոր պետական հիմնարկները և կազմակերպութիւնները, եւ առ այդ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութիւնը կը դադրի գոյութիւն ունենալէ։

Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը, ներառեալ՝ հանրապետութենէն դուրս գտնուող բնակչութիւնը, սոյն հրամանագրի ի զօրու դառնալէն յետոյ կը ծանօթանայ Ազերպայճանի Հանրապետութեան ներկայացուցած վերահամարկման պայմաններուն՝ Լեռնային Ղարաբաղ մնալու (վերադառնալու) կարելիութեան մասին անկախ եւ անհատական որոշում կայացնելու նպատակով։

Սոյն հրամանագիրը ի զօրու կը դառնայ հրապարակման պահէն անմիջապէս յետոյ»։