Search
Close this search box.

Disney Plus որոշած է յայտագրէն ջնջել Աթաթիւրքի նուիրուած ֆիլմաշարը

Թուրքիա զայրացած է

Disney Plus ի վերջոյ որոշած է չսփռել ժամանակակից Թուրքիոյ հիմնադիր Քեմալ Աթաթիւրքի մասին պատմող վաւերագրական ֆիլմաշարը, որու համար նախապէս հաղորդած էր, թէ պիտի ցուցադրուի Հոկտեմբերին։

Ամերիկայի Հայ դատի յանձանախումբը Յունիս ամսուն Disney Plus-ին կոչ ըրած էր  ֆիլմին ցուցադրութիւնը ջնջել յայտագրէն՝ նշելով, որ ժապաւէնը կը փառաբանէ թուրք բռանապետն ու մարդասպանը։

Disney Plus-ի յետքայլի որոշումին վրայ ազդեցութիւն ունեցած է Ամերիկայի Հայ դատի քարոզչական աշխատանքը։

Թուրքիոյ մէջ մեծ զայրոյթ պատճառած է Disney Plus-ի այս քայլը։ Նոյնիսկ Էրտողանի իշխող կուսակցութիւնը, որ ծանօթ է՝ հեռու է Աթաթիւրքի «ջատագով» մը ըլլալէ (ի դէպ լարախաղացի արտասովոր ճկունութիւն ցուցաբերելով «աթաթիւրքեան» հարցին մէջ, քուէատուփը միշտ ի մտի ունենալով),, հակազդած է իր բանբեր Էօմեր Չելիքի միջոցով, որ  ամերիկեան հսկային այս որոշումը համարած է ամօթալի ու անյարգալից։

Թուրք մամուլը կը գրէր, թէ յամենայն դէպս ֆիլմաշարը պիտի ցուցադրուի Թուրքիոյ մէջ։ Գաղափար մը տալու համար Disney Plus-ի այս յետքայլին Թուրքիոյ մէջ ունեցած ազդեցութեան մասին՝ նշենք, որ թրքական կայան մը ֆութպոլի մրցումի մը ուղղակի սփռումի ընթացքին՝ պաստառին վարը Աթաթիւրքը փառաբանող տողեր, անոր պատկանող եւ նշանաւոր դարձած խօսքեր տեղադրած է, ի շարս որոնց՝ «Ինչպէս եկան՝ այնպէս ալ կը մեկնին»։