FlyOne Armenia Մայիս 30-ին յայտարարած է, թէ Յունիս 17-ին կը վերսկսի կանոնաւոր ուղղակի թռիչքները Երեւանէն Լիոն եւ Փարիզ:
Երեւան-Լիոն-Երեւան թռիչքները կը կատարուին «Զուարթնոց» օդակայանէն դէպի Լիոնի Սէն թ՚Էկզիւփերի օդակայան, շաբաթական երկու անգամ՝ Երկուշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը։
«Զուարթնոց» օդակայանէն դէպի Շառլ տը Կօլ օդակայան Երեւան-Փարիզ-Երեւան թռիչքները կը կատարուին նոյնպէս շաբաթական երկու անգամ՝ Երեքշաբթի եւ Շաբաթ օրերը։
Բոլոր տոմսերն ու յաւելեալ ծառայութիւնները կարելի է ձեռք բերել FlyOne Armenia ընկերութեան կայքէն կամ բջջային յաւելուածի (application) միջոցով, ինչպէս նաեւ ճամբորդական գործակալութիւններէն։
Նշենք որ՝ Մայիսի սկիզբը Թուրքիա իր օդային տարածքին գործածութիւնը արգիլած ըլլալով հայկական ընկերութեան՝ թռիչքները առժամաբար առկախուած էին։ Առ այժմ մեզի ծանօթ չէ, թէ Թուրքիոյ հետ այդ հա՞րցը հարթուած է, թէ՞ այլընտրանք մը գտնուած է։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։