Search
Close this search box.

SOS՝ Արցախցի երիտասարդներու յանկարծական արարքը

«Արարիչ» բարեսիրական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ, պաշարուած Արցախի սրտին մէջ, խումբ մը երիտասարդներու մասնակցութեամբ Յուլիս 30-ին կազմակերպուած է յանկարծական արարք մը (Flash Mob)՝ SOS արձանագրութեամբ։

«Այս նախաձեռնութեամբ Արցախի երիտասարդները միացուցին իրենց ձայնը, հրաւիրելով միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը։

2022 Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր Ազերպայճան Արցախցիներու դէմ կը գործադրէ ցեղային զտում։ Արտաքին աշխարհը լուռ է։

Ամիսներէ ի վեր Արցախցիները կը կրեն բազմաթիւ զրկանքներ, հիմա ալ կանգնած են մարդասիրական աղէտի առջեւ»,– կը նշեն «Արարիչ» բարեսիրական հիմնադրամէն։