Search
Close this search box.

S&P վարկանիշային գործակալութիւնը կ՚ենթադրէ, որ Ազերպայճան եւ Հայաստան մինչեւ COP29 կը ստորագրեն խաղաղութեան համաձայնագիրը

Standard & Poor’s (S&P) Global Ratings վարկանիշային գործակալութեան կանխատեսումներուն համաձայն՝ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր կրնայ ստորագրուիլ մինչեւ COP29-ի համաժողովը, որ պիտի կայանայ Պաքուի մէջ այս տարուան Նոյեմբերին։

Գործակալութեան կանխատեսումներու այս հարցին նուիրուած բաժնին մէջ կ՚ըսուի.  «Տարածաշրջանին մէջ փոփոխուող աշխարհաքաղաքական իրավիճակի ենթախորքին՝ Հայաստան կը շարունակէ Ազերպայճանի հետ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւնները։ Հայաստանի կառավարութիւնը նախապէս ընդառաջած էր իր սահմաններուն մէջ գտնուող քանի մը կղզիացած (enclaves) գիւղեր զիջելու Ազերպայճանի պահանջներուն։ Սա յանգեցուց Հայաստանի մէջ՝ այդ որոշումին դէմ հասարակական բողոքի ցոյցերու. Ցուցարարները կը պահանջեն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ Բայց եւ այնպէս, երկու կողմերն ալ աշխուժացուցին երկկողմ բանակցութիւնները, որոնք տեղի ունեցան Եւրոպայի եւ ԱՊՀ-ի շարք մը մայրաքաղաքներու մէջ։ Պաշտօնական յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը կրնայ տեղի ունենալ մինչև 2024 թուականին Պաքու մէջ կայանալիք COP29 համաժողովը»։