Ազերպայճանի յատուկ ծառայութիւնները կեղծ լուրեր տարածելով կը փորձեն վախի մթնոլորտ ստեղծել

Արցախի ԱԱԾ-ի հաղորդագրութիւնը

Արցախի  ԱԱԾ-ն Յուլիս 13-ին հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր մասնաւորապէս նշուած է հետեւեալը.-

«Արցախի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ), հետամուտ ըլլալով տեղեկատուական անվտանգութեան ոլորտի մէջ օրէնքով իրեն վերապահուած գործառոյթներու եւ լիազօրութիւններու իրականացման, կը տեղեկացնէ, որ ազերպայճանական յատուկ ծառայութիւնները կը շարունակեն տիրանալ «Դիմագիրք» ընկերային ցանցի հայկական օգտահաշիւներու, եւ այդ միջոցով “թշնամիին պետական ու ռազմական գաղտնիք տրամադրող քաղաքացիներու վերաբերեալ” կեղծ լուրեր տարածել` փորձելով վախի մթնոլորտ ստեղծել։

Արցախի ԱԱԾ-ն համապատասխան քայլերու կը ձեռնարկէ այդ առումով զարգացումները կանխարգիլելու համար: Կոչ կ՚ընենք չխաբուելու կեղծ լուրերէ եւ զերծ մնալու կասկածելի լուրեր տարածելէ, զանոնք ընկերային ցանցերու մէջ քննարկելէ, եւ հետեւելու մի՛այն պաշտօնական լրահոսին»:

Խմբագրական