Եւրոպական խորհրդարանի 24 երեսփոխաններ, անոնց մէջ՝ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի, Անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովի նախագահ Նաթալի Լուազօ, կոչ կ՚ընեն Եւրոպական յանձնաժողովի նախավահ Վոն տեր Լեյէնին եւ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Պլինքընին յստակ գործողութիւններու ձեռնարկելու՝ ապահովելու համար Հայաստանի անվտանգութիւնը, որ Ազերպայճանի ու Ռուսաստանի սպառնալիքին տակ կը գտնուի։
Եւրոերեսփոխանները կը մեղադրեն միջազգային համայնքը, որ չհակազդեց Ազերպայճանի կողմէ Արցախի բռնագրաւման եւ հայաթափման նպատակով կատարուած գործողութիւններուն։ Կ՚ընդգծեն, թէ Պաքու չէ հրաժարած իր թշնամական հռետորաբանութենէն, իսկ Հայաստան պարզապէս կ՚ուզէ իր դրացիներուն հետ խաղաղութեան մէջ ապրիլ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։