«Ակօս»-ի աշխատակազմէն հայերէն էջերու խմբագրապետ Բագրատ Էսդուգեան եւ ծանօթ լուսանկարիչ Պերճ Արապեան պարգեւատրուած են «Մեթին Կէօքթեփէ» լրագրութեան մրցանակով։ Անոնք այս պարգեւին արժանացած են Արցախէն բռնի տեղահանուած ժողովուրդին հետ իրենց կատարած հարցազրոյցներու շարքին համար։
Մրցանակի տուչութիւնը տեղի ունեցած է Ապրիլ 15-ի յետմիջօրէին Շիշլի, «Նազըմ Հիքմեթ» դահլիճին մէջ։
Այս առթիւ Էսդուգեան իր արտասանած շնորհակալութեան խօսքին մէջ անդրադարձած է թրքական մամուլին մէջ տիրող ապատեղեկատւութեան, օրինակ բերելով արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին երկրի բովանդակ մամուլի պնդումը, իբրեւ թէ պատերազմը սկսած էր հայկական կողմի յարձակումով։ “Պատերազմի աւարտին, Իլհամ Ալիեւի յայտարարութենէն ետք, հազիւ թէ դադրեցաւ այդ ստախօսութիւնը”,– ըսած է Էսդուգեան։
Ան նաեւ նշած է, թէ այս մրցանակը յատուկ նշանակութիւն ունի իրենց համար, քանի որ ան կը կրէ ոստիկանական բռնութիւնով աշխատանքի պահուն սպանուած լրագրողի մը՝ Մեթին Կէօքթեփէի անունը։
Միջոցառումը աւարտած է Կէօքթեփէի ծննդեան օրը խորհրդանշող կարկանդակի հատումով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։