Search
Close this search box.

Ռուբէն Վարդանեան առաջադրուեցաւ 2024 թուականի Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակին

Ռուբէն Վարդանեան առաջադրուեցաւ 2024 թուականի Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակին՝  իր բարեսիրական և մարդասիրական գործունէութեան համար: Անոր թեկնածութիւնը առաջադրած են շարք մը հեղինակաւոր անձեր, ի շարս որոնց նաեւ Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրներ:

Ռուբէն Վարդանեանի գրասենեակը այս կապակցութեամբ հրապարակած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«Հեղինակաւոր անձերու կողմէ Ռուբէն Վարդանեան ներկայացուած է այդ բարձր մրցանակին՝ շուրջ հինգ տասնեակի հասնող նոր եւ աննախադէպ կրթական, բարեսիրական, գիտական եւ մարդասիրական կառոյցներու ստեղծման ու օժանդակութեան համար ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ տարբեր երկիրներու մէջ: Զինք առաջադրողները տպաւորիչ եւ միջազգային գնահատականի արժանի համարած են Ռուբէն Վարդանեանի՝ մարդասէրի եւ բարերարի կերպարը, եւ անոր հետեւողական ջանքերը՝ ուղղուած նոյնիսկ պատերազմներու ու անոնց սպառնալիքի, ֆինանսական եւ քաղաքական ճգնաժամերու ընթացքին՝ մարդասիրական, բարեսիրական ու ընկերային ծրագրերու միջոցով երկարատեւ կայունութեան ու զարգացման գործիքներու ներդրումին:

Այդ համածիրէն ներս մասնաւորապէս յիշատակուած է անոր գործունէութիւնը շրջափակուած Արցախի մէջ, ուր Ռուբէն Վարդանեան մեծ ջանքներ ներդրած է՝ փորձելով ոչ միայն մեղմացնել մարդասիրական ծանր կարիքները, այլեւ ստեղծել դժուար կացութեան մէջ յայտնուած մարդոց ու երեխաներու կենսական պայմաններու բարելաւման հնարաւորութիւններ:

Գնահատելի համարուած է Ռուբէն Վարդանեանի բարեսիրութեան ոչ միայն ազգային, այլեւ միջազգային մակարդակ ընդգրկելը: Անոր հեղինակային կարեւոր նախագիծերէն մէկը՝ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնն է, որու նպատակն է աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ օգնել եւ ձեռք մեկնել բոլոր անոնց, որոնք վտանգի ենթարկելով իրենց անձնական կեանքը բարիք կը գործեն: 

Վարդանեանը՝ մրցանակին առաջադրած յարգելի անձերու նամակին մէջ նաեւ ընդգծուած է, որ ան յարգանք տածած է ոչ միայն իր ժողովուրդին, կրօնին, այլեւ այլոց ժառանգութեան նկատմամբ. իբրեւ ատոր վառ օրինակ նշուած է Ռուբէն Վարդանեանի նախաձեռնութեամբ վերանորոգուած Շուշիի իրանական մզկիթը»։