ԱՐԺԱՆԹԻՆ. Արժանթինի հեղինակաւոր կազմակերպութիւնները խստօրէն քննադատած են Թուրքիոյ դեսպանին` Ցեղասպանութիւնը ժխտող յայտարարութիւնները

Արժանթինի հեղինակաւոր 12 հասարակական կազմակերպութիւններ Յունիս 23-ին հրապարակած են յայտարարութիւն մը՝ Յունիս 15-ին «La Nación» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած Թուրքիոյ դեսպան Շեֆիք Վուրալ Ալթայի նամակին վերաբերեալ, նշելով որ՝ յօդուածին միակ նպատակը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումն է, «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան», որուն զոհերու թիւը շուրջ 1,5 միլիոն է:

Հասարակական կազմակերպութիւններու սոյն յայտարարութիւնը Յունիս 24-ին հրապարակած է «Página 12» նշանաւոր օրաթերթը։

«Մարդկութեան դէմ այդ յանցագործութիւնը ծրագրած եւ իրագործած է Օսմանեան կայսրութիւնը, որուն իրաւայաջորդը ներկայի Թուրքիոյ Հանրապետութիւնն է։ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է Արժանթինի Հանրապետութեան Ազգային գոնկրէսին կողմէ 2007 Յունուարին` նախագահ Նեսթոր Քիրշների վաւերացուցած թիւ 26199 օրէնքով, որով իւրաքանչիւր տարուան Ապրիլ 24-ը յայտարարուած է “Ժողովուրդներու միջեւ հանդուրժողականութեան եւ յարգանքի օր”` ի յիշատակ ցեղասպանութեան, որուն զոհ գնաց հայ ժողովուրդը»,– ընդգծած են հասարակական կազմակերպութիւնները։

Հոն յիշատակուած է, որ 1915 Ապրիլ 24-ին Օսմանեան կայսրութեան հարիւրաւոր հայ մտաւորականներ, հոգեւորականներ եւ հասարակական գործիչներ համակարգուած կերպով ձերբակալուեցան եւ աստիճանաբար սպանուեցան՝ սկիզբ դնելով այդ մեծ ողբերգութեան, որով Թուրքիա սկսաւ պետական ահաբեկչութեան կիրարկումը։ Այսօր այդ թուականը ներառուած է Արժանթինի Հանրապետութեան պաշտօնական օրացոյցին մէջ։ 

Յայտարարութեան հեղինակները շեշտած են, որ Թուրքիոյ Հայերու բնաջնջման անպատժելիութիւնը հիմք հանդիսացաւ Հիթլերի համար` հրեայ ժողովուրդի հոլոքոսթը իրականացնելու համար։

«Թուրք դեսպանին հիմնաւորմամբ՝ ո՛չ հայկական, ո՛չ հրէական պարագաները կարելի չէ անուանել “ցեղասպանութիւն”, քանի որ երկուքն ալ տեղի ունեցած են ՄԱԿ-ի 1948-ի համաձայնագրէն առաջ։ Արժանթինի հայ համայնքը, ինչպէս նաեւ հայկական Սփիւռքի այլ համայնքներ, ձեւաւորուել են սակաւաթիւ այն վերապրողներով, որոնք ժամանած են 1920-ականներուն՝ իրենց յիշողութիւններով, պատմութիւններով ու վկայութիւններով, եւ այսօր Արժանթինի ազգային ինքնութեան մաս կը կազմեն: Բազմաթիւ զոհերու յիշատակին նկատմամբ բացարձակ ոչ-յարգալից վերաբերում ցուցաբերելով՝ Արժանթինի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը կ՚ըսէ, որ Արժանթինցիները ստախօս են, թէ՝ Ազգային գոնկրէսը կը կեղծէ պատմութիւնը, եւ թէ այն երկիրները, որոնք ճանչցած են այս յանցագործութիւնը, կը սխալին»,– նշած են 12 կազմակերպութիւնները՝ աւելցնելով. «Իբրեւ արժանթինցիներ՝ մենք կ՚ափսոսանք մեր երկրին մէջ հաւատարմագրուած օտար դիւանագէտի մը կողմէ ճշմարտութեան եւ արդարադատութեան հանդէպ ցուցաբերուած նման վիրաւորանքին համար»:

Խմբագրական