Search
Close this search box.

ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Ոգեկոչուած է վիպասան Րաֆֆիի յիշատակը 

Ապրիլ 25-ին, «Վրաստանի հայ համայնք» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Թիֆլիսի մէջ ոգեկոչուած է հայ մեծանուն վիպասան Րաֆֆիի (Յակոբ Մելիք-Յակոբեան) յիշատակը։

Այս առիթով Թիֆլիսի հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու պանթէոնին մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուած է, որուն յաջորդած է գրողին յուշարձանին առջեւ ծաղիկներու զետեղման արարողութիւնը։

Այնուհետեւ «Թումանեանի տուն» գիտահետազօտական կեդրոնին մէջ Րաֆֆիի կենսագրութեան ուշագրաւ փաստերուն վերաբերեալ ելոյթներով եւ երաժշտական կատարումներով հանդէս եկած են «Րաֆֆի» ուսանողական միութեան անդամները, «Վան» խումբին սաներն ու վիրահայութեան այլ ներկայացուցիչներ։