Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ի տնօրինումով, «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի աշխատանքներու շրջագիծին մէջ, 2024 Ապրիլ 20-22 Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի կ՚ունենայ համագումար՝ «Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը՝ ընդդէմ Ազերպայճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» ընդհանուր խորագրին ներքոյ։
Այս առիթով Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ սփիռքեան տարբեր երկիրներէ հրաւիրուած են 30 պատմաբաններ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ քաղաքագէտներ։
Համագումարի թուական նկատի առնուած է Ապրիլը՝ շեշտելու համար Ցեղասպանութեան անպատժելիութեան իբրեւ հետեւանք շարունակուող ցեղասպանութիւններու համամարդկային սպառնալիքը եւ Թուրքիոյ աջակցութեամբ Ազերպայճանի իրականացուցած ցեղասպանական գործողութիւնները՝ Արցախի մէջ։
Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով այս առիթով Անթիլիաս պիտի ժամանէ Պատժական միջազգային ատեանի հիմնադիր դատախազ, համաշխարհային համբաւի տիրացած դոկտոր Լուի Մորենօ Օքամփօ։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։