Անթիլիասի մէջ պիտի քննարկուին Ազերպայճանի գործած ցեղասպանական արարքները եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգման խնդիրները

 

Մեծի Տանն Կի­լիկիոյ կա­թողի­կոս Արամ Ա.-ի տնօ­րինու­մով, «Կի­լիկիա վեր­լուծա­կան հար­թակ»-ի աշ­խա­տանքնե­րու շրջա­գիծին մէջ, 2024 Ապ­րիլ 20-22 Ան­թի­լիասի մայ­րա­վան­քին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ հա­մագու­մար՝ «Ար­ցա­խի իրա­ւունքնե­րու վե­րականգնու­մի հրա­մայա­կանը՝ ընդդէմ Ազեր­պայճա­նի ցե­ղաս­պա­նական քա­ղաքա­կանու­թեան» ընդհա­նուր խո­րագ­րին ներ­քոյ։

Այս առի­թով Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թե­նէն, Ար­ցա­խէն եւ սփիռ­քեան տար­բեր եր­կիրնե­րէ հրա­ւիրուած են 30 պատ­մա­բան­ներ, մի­ջազ­գա­յին իրա­ւունքի մաս­նա­գէտ­ներ եւ քա­ղաքա­գէտ­ներ։

Հա­մագու­մա­րի թուական նկա­տի առ­նուած է Ապ­րի­լը՝ շեշ­տե­լու հա­մար Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­պատժե­լիու­թեան իբ­րեւ հե­տեւանք շա­րու­նա­կուող ցե­ղաս­պա­նու­թիւննե­րու հա­մամարդկա­յին սպառ­նա­լիքը եւ Թուրքիոյ աջակ­ցութեամբ Ազեր­պայճա­նի իրա­կանա­ցու­ցած ցե­ղաս­պա­նական գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը՝ Ար­ցա­խի մէջ։

Վե­հափառ Հայ­րա­պետին հրա­ւէրով այս առի­թով Ան­թի­լիաս պի­տի ժա­մանէ Պատ­ժա­կան մի­ջազ­գա­յին ատեանի հիմ­նա­դիր դա­տախազ, հա­մաշ­խարհա­յին համ­բա­ւի տի­րացած դոկ­տոր Լուի Մո­րենօ Օքամփօ։ ■

Խմբագրական