Հայաստան եւ Ֆրանսա մեղրամիսի մէջ են՝ Մանուշեանի պանթէոնականացում, Ազնաւուրի 100-ամեակ, Երեւանի մէջ Ֆրանսախօսութեան մարզական եւ մշակութային օրեր, Հայաստանի հետ քաղաքական ու ռազմական գործակցութիւն… Ֆրանսան միակ երկիրն է որ Հայաստանի շահերը համարձակ կը պաշտպանէ միջազգային հարթակին վրայ, որուն մէջ պէտք է խոստովանիլ՝ «Ֆիկառօ»-ի լրագրողներու աջակցութիւնը շատ մեծ դեր ունի։
Երկու երկիրներու բարեկամութիւնը դրսեւորուեցաւ նաեւ Մարտ 20-ին, CCAF-ի ընթրիքին, ուր Ֆրանսայի վարչապետը քաղաքական աներկբայ դիրքորոշում ցուցաբերեց, առանց դիւանագիտական երկդիմի բանաձեւումներու. զօրակցութիւն Հայաստանի ինքնիշխանութեան, հզօրացում անոր ինքնապաշտպանութեան կարողութիւններու, պահանջ Ազերպայճանէն՝ Հայաստանի գրաւեալ տարածքներէն իր զօրքերը ետ քաշելու, ամբաստանում Ռուսաստանի՝ Արցախի ցեղային զտումին մեղսակցութեան համար, նաեւ դատապարտում Ռուսաստանի՝ Հայաստանի ժողովրդավարութեան այլընտրանքը մերժելուն եւ քօղարկուած պատժական միջոցներ գործադրելուն համար։
Ֆրանսայի քաղաքական այս զօրակցութիւնը Հայաստանի նկատմամբ կ՚առթէ անհանդուրժողութիւնն ու թշնամութիւնը յատկապէս Ազերպայճանի եւ Ռուսաստանի։ Պաքուի թշնամական վերաբերումը ծանօթ է։ Իսկ Մոսկուայի դիրքորոշումը լուրջ վերլուծութեան կը կարօտի։ Առերեւոյթ բարեկամական ձեւանալով հանդերձ, գործնականին մէջ Պաքուի ալիքին վրայ է, հեռու՝ Հայաստանի հանդէպ իր ռազմավարական գործընկերոջ պարտաւորութիւնները կատարելէ։ Եւ մեծագոյն վտանգը այն է որ Հայաստանին վնաս հասցնելու անոր կարողութիւնն ու հնարաւորութիւնները մեծ են։ Այս կապակցութեամբ, վերջերս Հայաստանի մէջ նկատելի է սպանութիւններու, արկածներու զգալի աճը։ Եւ ըսել որ դեռ մինչեւ 44-օրեայ պատերազմ Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդի մեծամասնութիւնը Ռուսաստանը կը համարէր դարաւոր պաշտպանը հայ ժողովուրդի։
Ալիեւ հակառակ արեւմտեան ղեկավարներու հետ հանդիպումներուն՝ «բռնի ուժի բացառման» մասին իր անսակարկ յանձնառութիւններուն, ժողովներէն դուրս կը շարունակէ սպառնալ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան։ Վերջին դէպքը Տաւուշի չորս գիւղերու անյապաղ յանձնումի պահանջն էր։ Զարմանալիօրէն միայն Ֆրանսան է որ համարձակ կը դատապարտէ Ալիեւը։ Իսկ Ռուսաստան կը մնայ լուռ Ալիեւի սպառնական կոչերուն դիմաց եւ կ՚ամբաստանէ Հայաստանի կառավարութիւնը Արեւմտեան երկիրներու օգնութեան դիմելու մեղքով, հակառակ Հայաստանի ղեկավարներու շարունակական կոչերուն, որ Ռուսաստան եւ ՀԱՊԿ քաղաքական գնահատական տան Ալիեւի յարձակումներուն։
Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական, ռազմավարական յարաբերութիւններուն կը պակսին լուրջ տնտեսական ծրագրերը։ Մարտ 2022-ին եւ Փետրուար 2023-ին տնտեսութեան զարգացման երկու հաւաքներ կազմակերպուեցան Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ։ Սակայն տնտեսականը տակաւին կը մնայ շատ սահմանափակ։ Այս առթիւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբը տնտեսութեան զարգացումի շուրջ հաւաք մը կազմակերպած էր Մարտ 12-ին։ Կառավարական մակարդակին այս ուղղութեամբ ալ աշխատանք կը տարուի։
Ֆրանսահայ համայնքը կրնար մեծ դերակատարութիւն ունենալ այս մարզէն ներս։ CCAF-ի ընթրիքին հինգ նախարարի եւ բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնատարի ներկայութիւնը բաւարար էր ապացուցելու քաղաքական դասուն զօրակցութիւնը։ Սակայն տնտեսականը, ինչպէս ըսինք, դեռ կը մնայ անտեսուած։ Ֆրանսա տակաւին մաս չի կազմեր Հայաստանի առեւտրական գլխաւոր տասը գործընկերներու ցանկին։ Իսկ տնտեսական զարգացումը, տնտեսական ներդրումները Հայաստանի անկախութեան մեծագոյն երաշխիքներն են։ Ազերպայճան իր գերակայութիւնը հաստատեց տնտեսութեան շնորհիւ։ CCAF-ի համանախագահները հեռու են Հայաստանի զօրակցութեան ամբողջական տեսլական մը ունենալէ, հեռու Հայաստանի անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը ամրապնդող տնտեսական զարգացումի առաջարկներէ։ Ֆրանսայի քաղաքական դասն ու հայկականը նոյն ալիքի վրայ չեն։ Ֆրանսացի ղեկավարները շատ աւելի յանդուգն են ու ճիշդ՝ իրենց դատումներուն եւ ծրագրերուն մէջ, քան հայ համայնքի ղեկավարները։ Վերջիններս,– ինչպէս դրսեւորուեցաւ նախագահ Մաքրոնի՝ Հայաստանի վարչապետին ի պատիւ տուած ճաշին,– դեռ հեռու են Հայաստանի կառավարութեան բոլորովին անվերապահ աջակցելու կեցուածքէն։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։