Զարկ տալ տնտեսական գործակցութեան

Հայաս­տան եւ Ֆրան­սա մե­ղրամի­սի մէջ են՝ Մա­նու­շեանի պան­թէոնա­կանացում, Ազ­նաւու­րի 100-ամեակ, Երե­ւանի մէջ Ֆրան­սա­խօսու­թեան մար­զա­կան եւ մշա­կու­թա­յին օրեր, Հա­յաս­տա­նի հետ քա­ղաքա­կան ու ռազ­մա­կան գոր­ծակցու­թիւն… Ֆրան­սան միակ եր­կիրն է որ Հա­յաս­տա­նի շա­հերը հա­մար­ձակ կը պաշտպա­նէ մի­ջազ­գա­յին հար­թա­կին վրայ, որուն մէջ պէտք է խոս­տո­վանիլ՝ «Ֆի­կառօ»-ի լրագ­րողնե­րու աջակ­ցութիւ­նը շատ մեծ դեր ունի։ 

Եր­կու եր­կիրնե­րու բա­րեկա­մու­թիւնը դրսե­ւորուեցաւ նաեւ Մարտ 20-ին, CCAF-ի ընթրի­քին, ուր Ֆրան­սա­յի վար­չա­պետը քա­ղաքա­կան աներկբայ դիր­քո­րոշում ցուցաբերեց, առանց դի­ւանա­գիտա­կան երկդի­մի բա­նաձե­ւումնե­րու. զօ­րակ­ցութիւն Հա­յաս­տա­նի ինքնիշ­խա­նու­թեան, հզօ­րացում անոր ինքնա­պաշտպա­նութեան կա­րողու­թիւննե­րու, պա­հանջ Ազեր­պայճա­նէն՝ Հայ­աս­տանի գրա­ւեալ տա­րածքնե­րէն իր զօր­քե­րը ետ քա­շելու, ամ­բաստա­նում Ռու­սաստա­նի՝ Ար­ցա­խի ցե­ղային զտու­մին մեղ­սակցու­թեան հա­մար, նաեւ դա­տա­պար­տում Ռու­սաստա­նի՝ Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովրդա­վարու­թեան այլընտրանքը մեր­ժե­լուն եւ քօղար­կուած պատ­ժա­կան մի­ջոց­ներ գոր­ծադրե­լուն հա­մար։

Ֆրան­սա­յի քա­ղաքա­կան այս զօ­րակ­ցու­թիւ­նը Հայաստանի նկատմամբ կ՚առթէ ան­հանդուրժո­ղու­թիւնն ու թշնա­մու­թիւնը յատ­կա­պէս Ազեր­պայճա­նի եւ Ռու­սաստա­նի։ Պաքուի թշնա­մա­կան վե­րա­բե­րու­մը ծանօթ է։ Իսկ Մոս­կուայի դիր­քո­րոշու­մը լուրջ վեր­լու­ծու­թեան կը կա­րօտի։ Առե­րեւոյթ բա­րեկա­մական ձե­ւա­նա­լով հան­դերձ, գործնա­կանին մէջ Պաքուի ալի­քին վրայ է, հե­ռու՝ Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ իր ռազ­մա­վարա­կան գոր­ծընկե­րոջ պար­տա­ւորու­թիւննե­րը կա­տարե­լէ։ Եւ մե­ծա­գոյն վտան­գը այն է որ Հա­յաս­տա­նին վնաս հասցնե­լու անոր կա­րողու­թիւնն ու հնա­րաւո­րու­թիւննե­րը մեծ են։ Այս կապակցութեամբ, վեր­ջերս Հա­յաս­տա­նի մէջ նկա­տելի է սպա­նու­թիւննե­րու, ար­կածնե­րու զգա­լի աճը։ Եւ ըսել որ դեռ մին­չեւ 44-օրեայ պա­տերազ­մ Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ժո­ղովուրդի մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը Ռուսաստանը կը հա­մա­րէր դա­րաւոր պաշտպա­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի։ 

Ալիեւ հա­կառակ արեւմտեան ղե­կա­վար­նե­րու հետ հան­դի­պումնե­րուն՝ «բռնի ուժի բացառման» մասին իր ան­սա­կարկ յանձնա­ռու­թիւններուն, ժո­ղով­նե­րէն դուրս կը շա­րու­նա­կէ սպառ­նալ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բողջա­կանու­թեան։ Վեր­ջին դէպ­քը Տա­ւու­շի չորս գիւ­ղե­րու ան­յա­պաղ յանձնու­մի պա­հանջն էր։ Զար­մա­նալիօրէն միայն Ֆրան­սան է որ հա­մար­ձակ կը դա­տապար­տէ Ալիեւը։ Իսկ Ռու­սաստան կը մնայ լուռ Ալիեւի սպառ­նա­կան կո­չերուն դի­մաց եւ կ՚ամ­բաստա­նէ Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թիւնը Արեւմտեան եր­կիրնե­րու օգ­նութեան դիմելու մեղ­քով, հա­կառակ Հա­յաս­տա­նի ղե­կավար­նե­րու շա­րու­նա­կական կո­չերուն, որ Ռու­սաստան եւ ՀԱՊԿ քա­ղաքա­կան գնա­հատա­կան տան Ալիեւի յար­ձա­կումնե­րուն։

Ֆրան­սա-Հա­յաս­տան բա­րեկա­մա­կան, ռազ­մա­վարա­կան յա­րաբե­րու­թիւն­նե­րուն կը պակ­սին լուրջ տնտե­սա­կան ծրա­գրե­րը։ Մարտ 2022-ին եւ Փետ­րուար 2023-ին տնտե­սու­թեան զար­գաց­ման երկու հա­ւաք­ներ կազ­մա­կեր­պուե­ցան Ֆրան­սա­յի կա­ռավա­րու­թեան կող­մէ։ Սա­կայն տնտե­սակա­նը տա­կա­ւին կը մնայ շատ սահ­մա­նափակ։ Այս առ­թիւ Ֆրան­սա­յի Ազ­գա­յին ժո­ղովին մէջ Ֆրան­սա-Հա­յաս­տան բա­րեկամու­թեան խումբը տնտե­սու­թեան զար­գա­ցու­մի շուրջ հա­ւաք մը կազ­մա­կեր­պած էր Մարտ 12-ին։ Կա­ռավա­րական մա­կար­դա­կին այս ուղղու­թեամբ ալ աշ­խա­տանք կը տա­րուի։

Ֆրան­սա­հայ հա­մայնքը կրնար մեծ դե­րակա­տարու­թիւն ու­նե­նալ այս մար­զէն ներս։ CCAF-ի ընթրի­քին հինգ նա­խարարի եւ բազ­մա­թիւ բարձրաս­տի­ճան պաշտօնատար­ի ներ­կա­յու­թիւնը բա­ւարար էր ապա­ցու­ցե­լու քա­ղաքա­կան դա­սուն զօ­րակ­ցութիւ­նը։ Սա­կայն տնտե­սակա­նը, ինչպէս ըսինք, դեռ կը մնայ ան­տե­սուած։ Ֆրան­սա տակաւին մաս չի կազմեր Հա­յաս­տա­նի առեւտրա­կան գլխաւոր տասը գործընկերներու ցանկին։ Իսկ տնտե­սական զար­գա­ցու­մը, տնտե­սական ներդրումնե­րը Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան մե­ծագոյն երաշ­խիքներն են։ Ազեր­պայճան իր գերակայու­թիւնը հաստատեց տնտե­սու­թեան շնորհիւ։ CCAF-ի հա­մանա­խա­գահ­նե­րը հե­ռու են Հա­յաս­տա­նի զօ­րակ­ցու­թեան ամ­­բողջա­­կան տես­­լա­­­կան մը ու­նե­նալէ, հե­ռու Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւնն ու ինքնիշ­խա­նու­թիւնը ամ­րա­պնդող տնտե­սական զար­գա­ցու­մի առա­ջարկնե­րէ։ Ֆրան­սա­յի քա­ղաքա­կան դասն ու հայ­կա­կանը նոյն ալի­քի վրայ չեն։ Ֆրան­սա­ցի ղե­կավար­նե­րը շատ աւե­լի յան­դուգն են ու ճիշդ՝ իրենց դա­տումնե­րուն եւ ծրագ­րե­րուն մէջ, քան հայ հա­մայնքի ղե­կավար­նե­րը։ Վեր­ջին­ն­երս,– ինչպէս դրսե­ւորուեցաւ նա­խա­գահ Մաքրո­նի՝ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տին ի պա­տիւ տուած ճա­շին,– դեռ հե­ռու են Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան բո­լո­րովին ան­վե­րապահ աջակ­ցե­լու կե­ցուած­քէն։  

Ժ.Չ. ■

Խմբագրական