Միջազգային լրասփիւռներուն համաձայն՝ Ապրիլ 13-ին, Իրան հինգ ժամ շարունակ Իսրայէլի վրայ արձակած է քանի մը տասնեակ անօդաչու սարք, շուրջ 100 հրթիռ։
Կ՚ըսուէր, թէ իսրայէլեան հակօդային վահանը, որ աշխարհի լաւագոյններէն մէկը կը նկատուի, յաջողած է անոնց շուրջ 99%-ը չէզոքացնել օդին մէջ։
Իսրայէլի արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւնը իրանական հարուածներէն անմիջականօրէն տուժածներու մասին տեղեկութիւն չէ հաղորդած:
Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ յարձակումը կատարուած է՝ ամսուն սկիզբը Դամասկոսի մէջ Իրանի հիւպատոսութեան վրայ իսրայէլական մահացու հարուածին ի պատասխան։
Միւս կողմէ, Ապրիլ 14-ին, Իրանի սպայակոյտի պետը յայտարարած է. “Մեր յարձակումը աւարտեցաւ։ Չենք ուզեր զայն շարունակել, սակայն ուժգին կերպով պիտի հակադարձենք, եթէ Իսրայէլ մեր շահերը թիրախաւորէ։ Մեր յարձակումը իսրայէլեան երկու զինուորական կարեւոր դիրքեր քանդեց”։
Երուսաղէմի հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Տիրան Յակոբեան Ապրիլ 14-ի առաւօտեան Դիմագիրքի իր էջին գրառումով հաղորդած է.
«Երուսաղէմի հայկական թաղին մէջ կացութիւնը հանդարտ է, զոհ կամ վիրաւոր չունինք։ Մենք ապահով ենք։ Կ՚երթանք Սուրբ Յարութեան տաճար՝ պատարագ մատուցելու եւ աղօթելու»
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հետագայ առճակատումէ խուսափելու համար Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկխօսութեան կոչ ըրած է։
Այդ մասին X ընկերային ցանցի իր հաշիւին գրառում մը կատարած է Նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։
«Մերձաւոր Արեւելքում լարուածութեան աճը լուրջ մտահոգութիւն է առաջացնում։ Կոչ ենք անում առաջնահերթ ուշադրութիւն դարձնել երկխօսութեանը։ Անհրաժեշտ է խուսափել հետագայ առճակատումից»,–նշուած է գրառման մէջ։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։