ԻՐԱՆ – ԻՍՐԱՅԷԼ – Իրան 5 ժամ շարունակ Իսրայէլի վրայ արձակած է քանի մը տասնեակ անօդաչու սարք, հրթիռներ

Միջազգա­յին լրաս­փիւռնե­րուն հա­մաձայն՝ Ապ­րիլ 13-ին, Իրան հինգ ժամ շա­րու­նակ Իս­րա­յէլի վրայ ար­ձա­կած է քա­նի մը տաս­նեակ անօ­դաչու սարք, շուրջ 100 հրթիռ։

Կ՚ըսուէր, թէ իս­րա­յէլեան հա­կօդա­յին վա­հանը, որ աշ­խարհի լա­ւագոյննե­րէն մէ­կը կը նկա­տուի, յա­ջողած է անոնց շուրջ 99%-ը չէ­զոքաց­նել օդին մէջ։

Իս­րա­յէլի ար­տա­կարգ իրա­վիճակ­նե­րու ծա­ռայու­թիւնը իրա­նական հա­րուած­նե­րէն ան­մի­ջակա­նօրէն տու­ժածնե­րու մա­սին տե­ղեկու­թիւն չէ հա­ղոր­դած:

Իրա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թիւնը յայ­տա­րարած է, որ յար­ձա­կու­մը կա­տարուած է՝ ամ­սուն սկիզ­բը Դա­մաս­կո­սի մէջ Իրա­նի հիւ­պա­տոսու­թեան վրայ իս­րա­յէլա­կան մա­հացու հա­րուա­ծին ի պա­տաս­խան։

Միւս կող­մէ, Ապ­րիլ 14-ին, Իրա­նի սպա­յակոյ­տի պե­տը յայ­տա­րարած է. “Մեր յար­ձա­կու­մը աւար­տե­ցաւ։ Չենք ու­զեր զայն շա­րու­նա­կել, սա­կայն ուժգին կեր­պով պի­տի հա­կադար­ձենք, եթէ Իս­րա­յէլ մեր շա­հերը թի­րախա­ւորէ։ Մեր յար­ձա­կու­մը իս­րա­յէլեան եր­կու զի­նուո­րական կա­րեւոր դիր­քեր քան­դեց”։

Երու­սա­ղէմի հայ­կա­կան թա­ղին մէջ կա­ցու­թիւնը հան­դարտ է

Երու­սա­ղէմի հայ­կա­կան եկե­ղեց­ւոյ հո­գեւոր հո­վիւ Հայր Տի­րան Յա­կոբեան Ապ­րիլ 14-ի առա­ւօտեան Դի­մագիր­քի իր էջին գրա­ռու­մով հա­ղոր­դած է.

«Երու­սա­ղէմի հայ­կա­կան թա­ղին մէջ կա­ցու­թիւնը հան­դարտ է, զոհ կամ վի­րաւոր չու­նինք։ Մենք ապա­հով ենք։ Կ՚եր­թանք Սուրբ Յա­րու­թեան տա­ճար՝ պա­տարագ մա­տու­ցե­լու եւ աղօ­թելու»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկխօսութեան կոչ կ՚ընէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հետագայ առճակատումէ խուսափելու համար

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հետագայ առճակատումէ խուսափելու համար Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկխօսութեան կոչ ըրած է։

Այդ մասին X ընկերային ցանցի իր հաշիւին գրառում մը կատարած է Նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։

«Մերձաւոր Արեւելքում լարուածութեան աճը լուրջ մտահոգութիւն է առաջացնում։ Կոչ ենք անում առաջնահերթ ուշադրութիւն դարձնել երկխօսութեանը։ Անհրաժեշտ է խուսափել հետագայ առճակատումից»,–նշուած է գրառման մէջ։ ■

Խմբագրական