Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) Հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Զառա Ամատունի կը հաղորդէ, թէ ԿԽՄԿ-ի ներկայացուցիչները Յունուարի վերջաւորութեան եւ Փետրուարի առաջին օրերուն տեսակցած են Պաքուի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած Հայերուն հետ։ Վերջիններուս անունները հաստատուած են Ազերպայճանի կողմէ։
Ամատունիի համաձայն՝ նման տեսակցութիւններու շրջանակին մէջ Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչները կը ծանօթանան գերիներու բանտի պայմաններուն, առողջական վիճակին, անոնց կարելիութիւն կ՚ընձեռուի նաեւ կապ հաստատելու իրենց ընտանիքներուն հետ։
Հայաստանի քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեան նախապէս յայտնած էր, թէ «Պաքու կը հաստատէ իր մօտ 23 հայ գերիի առկայութիւնը՝ հակառակ անոր, որ հայկական կողմը փաստուած տուեալներ ունի հոն գտնուող 32 հայ գերիներու մասին»։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։