Search
Close this search box.

Կարմիր խաչը տեսակցած է Պաքուի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած հայերուն հետ

Կարմիր խա­չի մի­ջազ­գա­յին կո­միտէի (ԿԽՄԿ) Հա­յաս­տա­նեան գրա­սենեակի ներ­կա­յացու­ցիչ Զա­ռա Ամա­տու­նի կը հա­ղոր­դէ, թէ ԿԽՄԿ-ի ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը Յու­նուարի վեր­ջաւորութեան եւ Փետ­րուարի առա­ջին օրե­րուն տե­սակ­ցած են Պա­քուի մէջ ապօ­րինա­բար բան­տարկուած Հա­յերուն հետ։ Վեր­ջիննե­րուս անուննե­րը հաս­տա­տուած են Ազեր­պայճա­նի կող­մէ։

Ամա­տու­նիի հա­մաձայն՝ նման տե­սակ­ցութիւննե­րու շրջա­նակին մէջ Կար­միր Խա­չի ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը կը ծա­նօթա­նան գե­րինե­րու բան­տի պայ­մաննե­րուն, առող­ջա­կան վի­ճակին, անոնց կա­րելիու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռուի նաեւ կապ հաս­տա­տելու իրենց ըն­տա­նիք­նե­րուն հետ։

Հա­յաս­տա­նի քննչա­կան կո­միտէի նա­խագահ Ար­գիշտի Քեարա­մեան նա­խապէս յայտնած էր, թէ «Պա­քու կը հաս­տա­տէ իր մօտ 23 հայ գե­րիի առ­կա­յութիւ­նը՝ հա­կառակ անոր, որ հայ­կա­կան կող­մը փաս­տուած տուեալ­ներ ու­նի հոն գտնուող 32 հայ գե­րինե­րու մա­սին»։ ■