Ապրիլ 12-ին, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի զինուորները տեղափոխող «Ուրալ» մակնիշի փոխադրակառքը,– տակաւին անյայտ հանգամանքներու մէջ,– դուրս ելած է ճամբու երթեւեկի հատուածէն եւ ինկած յարակից ձորակին տարածքը: Արկածը պատահած է Սիւնիքի մարզին մէջ, Մեղրիի շրջանի Նռնաձորի ճամբուն վրայ:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ ըստ նախնական տուեալներու արկածը խլած է 4 զինուորներու կեանքը, վիրաւորուած են 20 ուրիշներ, որոնցմէ մէկուն վիճակը ծայրայեղ ծանր է. միւսները ունին ծանր, միջին եւ թեթեւ աստիճանի վնասուածքներ:
Վիրաւորները նախ փոխադրուած են Մեղրիի բուժարանը, այնտեղէն ալ՝ «Երեւանի «Մուրացան» զինուորական հիւանդանոցը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։