Փոխադրակառքի արկածը խլած է 4 զինուորներու կեանքը. 20 ուրիշներ ալ վիրաւորուած են

Ապրիլ 12-ին, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի զինուորները տեղափոխող «Ուրալ» մակնիշի փոխադրակառքը,– տակաւին անյայտ հանգամանքներու մէջ,– դուրս ելած է ճամբու երթեւեկի հատուածէն եւ ինկած  յարակից ձորակին տարածքը: Արկածը պատահած է Սիւնիքի մարզին մէջ, Մեղրիի շրջանի Նռնաձորի ճամբուն վրայ: 

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ ըստ նախնական տուեալներու արկածը խլած է 4 զինուորներու կեանքը, վիրաւորուած են 20 ուրիշներ, որոնցմէ մէկուն վիճակը ծայրայեղ ծանր է. միւսները ունին ծանր, միջին եւ թեթեւ աստիճանի վնասուածքներ:

Վիրաւորները նախ փոխադրուած են Մեղրիի բուժարանը, այնտեղէն ալ՝ «Երեւանի «Մուրացան» զինուորական հիւանդանոցը։

Խմբագրական