Search
Close this search box.

ԹԱՏՐՈՆ-ՇԱՐԺԱՐՈՒԵՍՏ – Սկսած է «Երկլեզու դրամատիկական արուեստանոցի» երրորդ փուլը

«Երկլեզու (հայերէն-ֆրանսերէն) դրամատիկական արուեստանոցի» երրորդ փուլի սկսելուն առիթով, Նոյեմբեր 14-ին, Երեւանի Թատրոնի եւ շարժարուեստի պետական հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած է մամլոյ ասուլիս մը, մասնակցութեամբ՝ Հիմնարկի տնօրէնուհի Սառա Նալբանդեանի, ծրագրի ղեկավար դերասան, բեմադիր Սերժ Աւետիքեանի, Ֆրանսայի դեսպանութեան մշակոյթի կցորդ Կիյոմ Նարժոլէի, «Ազնաւուր» հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի տեղակալ Կարինէ Էվոյեանի, ֆրանսերէնի ուսուցիչ Էլէն Օհանջանեանի եւ ուրիշներու։

Այս անգամ ծրագրին կը մասնակցին 65 թեկնածուներէ ընտրուած 25 տաղանդաւոր երիտասարդներ, որոնք նշանաւոր արուեստագէտներու ղեկավարութեամբ մինչև 2024 Ապրիլ ամիսը առիթը կ՚ունենան ծանօթանալու ֆրանսական արուեստի ոճին եւ եղանակին։ Ֆրանսայի դեսպանութեան եւ Հայաստանի Ֆրանսական հիմնարկի աջակցութեան շնորհիւ այս նախաձեռնութիւնը զգալիօրէն կը նպաստէ Ֆրանսայի և Հայաստանի միջեւ մշակութային փոխանակումներու ամրապնդման գործին:

Հայ երիտասարդներուն հետ աշխատելու համար Ֆրանսայէն եւ Ռումանիայէն Հայաստան պիտի ժամանեն արուեստի գործիչներ։

Աւարտին, յաջողութիւն արձանագրած 10 ուսանողներ առիթ պիտի ունենան փորձնական շրջան մը անցընելու Փարիզի Studio JLMB-ի մէջ։

Նոյն օրը, Սառա Նալբանդեան եւ Սերժ Աւետիքեան ստորագրած են համագործակցութեան յուշագիր մը։