Search
Close this search box.

ԻՏԱԼԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Հայագիտական միջազգային համաժողով եւ ցուցահանդէս՝ Ուտինէի համալսարանին մէջ

Դեկտեմբեր 1-2 Ուտինէի համալսարանին մէջ տեղի ունեցած է «Արարատի ստուերին. հայկական արուեստը ճամբորդական գրականութեան մէջ» (ԺԳ.-ԻԱ. դարեր) խորագրով հայագիտական միջազգային համաժողովը, կազմակերպութեամբ նոյն համալսարանին եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արուեստի հիմնարկին, համագործակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամին, հովանաւորութեամբ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Ուտինէի քաղաքապետարանին:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են Համալսարանի տնօրէն Ռոպերթօ Փինթօ, դեսպան Ծովինար Համբարձումեան, ակադեմիայի արուեստի հիմնարկի տնօրէն Աննա Ասատրեան եւ համալսարանի ներկայացուցիչներ:

Հայագիտութեան տարբեր բնագաւառներուն վերաբերող իրենց հետազօտական աշխատանքները ներկայացուցած են հնէաբան, Իտալիոյ Արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան ընդհանուր տնօրէն Սերճիօ Ֆերտինանտի, Փիցայի համալսարանի փրոֆ. Ալեսսանտրօ Օրենկօ, Արուեստի հիմնարկէն փրոֆ. Անահիտ Բեքարեան, Ժընեւի համալսարանի դոկտ. Մարքօ Ռուֆֆիլի, Վենետիկի Կա՚Ֆոսքարի համալսարանի փրոֆ. Ալթօ Ֆերարի եւ հետազօտող Փաոլօ Լուքքա, հայագէտներ ու արուեստագէտներ՝ Հայաստանէն եւ Իտալիայէն:

Դեսպանուհին իր ելոյթին շնորհակալութիւն յայտնած է Ուտինէի համալսարանին եւ Իտալիոյ հայագէտներուն՝ իրենց կատարած աշխատանքին համար եւ անդրադարձած հայ-իտալական մարդասիրական ոլորտի համագործակցութեան, ընդգծելով իտալական համալսարաններու հայագիտական ամպիոններու յոյժ կարեւոր գործունէութիւնը։ Հուսկ՝ ներկայացուցած է Արցախի շուրջ վերջին իրադարձութիւններն ու հայ մշակութային ժառանգութեան սպառնացող վտանգները:

«Է.-ԺԳ. դարերու հայկական եկեղեցիներու որմնանկարները» խորագրով լուսանկարներու ցուցահանդէսը

Դեկտեմբեր 2-ին, Ուտինէի համալսարանին մէջ բացուած է «7-13-րդ դարերու հայկական եկեղեցիներու որմնանկարները» խորագրով լուսանկարներու ցուցահանդէսը, ուր ցուցադրուած են հայկական եկեղեցիներու որմնանկարները վերականգնած Արա Զարեանի եւ Քրիսթին Լամուռէօի գործերը:

Բացման արարողութեան ելոյթ ունեցած են Համալսարանի մշակութային ժառանգութեան եւ մարդասիրական գիտութիւններու բաժանմունքի տնօրէնուհի Լինտա Պորեան, դեսպան Ծովինար Համբարձումեան եւ Ուտինէ քաղաքի համալսարաններու եւ մշակութային հարցերու համայնքային խորհրդական Ֆետերիքօ Փիրոնէ: 

Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ Դեկտեմբեր 20:

*  *  *

Ուտինէ կատարած այցի շրջանակին մէջ, Հայաստանի դեսպանուհին Փովոլեթթոյի քաղաքապետին եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին՝ նոյն քաղաքի հանրապարտէզին մէջ զետեղուած հայկական խաչքարին առջեւ: