ԻՏԱԼԻԱ – Շողակաթ Վարդանեանի «1489» ֆիլմը Թրիեսթէի միջազգային փառատօնին արժանացած է «Լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէն» մրցանակին

Յունուար 19-27 Իտալիոյ Թրիեսթէ քաղաքի միջազգային 35-րդ փառատօնին Շողակաթ Վարդանեանի «1489» ֆիլմը արժանացած է «Լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէն» մրցանակին։

Յիշեցնենք, որ նախապէս Վարդանեանի նոյն ֆիլմը Ամսթերտամի միջազգային վաւերագրական ժապաւէններու փառատօնին (IDFA) արժանացած էր երկու մրցանակի։

Ֆիլմին ժամանակագրական շրջանը 2020-2022 տարիներն են։ 44-օրեայ պատերազմի 7-րդ օրը անհետացած Սողոմոնի՝ Շողակաթի եղբօր որոնման պատմութիւնն է։ 

Խմբագրական