Search
Close this search box.

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նորաստեղծ դրօշը օրհնուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին ձեռամբ

Համազգայինը 95 տարիներէ ի վեր կը գործէր միայն իր տարբերանշանով. Միութեան վերջին՝ 9-րդ պատգամաւորական ժողովը (Մայիս 2022, Երեւան) հաստատեց Միութեան դրօշի մը որդեգրման անհրաժեշտութիւնը։

Արդարեւ, 4 Սեպտեմբեր 2023-ին, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած Կեդրոնական եւ Լիբանանի շրջանային վարչութիւններու անդամներէ, Հ.Օ.Մ.ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներէ, Համազգայինի զանազան հաստատութիւններու տնօրէններէ, այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք, ուր Վեհարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ եւ ներկայացուց Համազգայինի նորաստեղծ դրօշը։

Վեհափառ Հայրապետը զոյգ միաբաններու ներկայութեամբ օրհնեց դրօշը եւ դրուատիքով խօսեցաւ Համազգայինի ունեցած 95-ամեայ դերակատարութեան եւ գործունէութեան մասին եւ յայտնեց, որ այս օրերուն ազգային արժէքները, կրթութիւնը եւ մշակոյթը աղաւաղելու հոսանքին դէմ թիավարելու մէջ մեծ է Համազգայինին դերը։

Ապա կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հօր, իր մնայուն նեցուկին ու քաջալերանքին համար։

Նշենք, թէ Համազգայինը իր հիմնադրութեան 95-ամեակը կը շարունակէ նշել աշխարհով մէկ։ 12-18 Սեպտեմբեր 2023-ին Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ գրական-գեղարուեստական ձեռնարկներու շարք մը, ներառեալ՝ պաշտօնական հանդիսութիւն։