Search
Close this search box.

Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիան նշած է Լեւոն արք. Զէքիեանի 80-ամեակը

 

Հոկտեմբեր 25-ին տեղի ունեցած է Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հանդիսաւոր նիստը՝ նուիրուած անոր արտասահմանեան անդամ, Վենետիկի գիտութիւններու, գրականութեան եւ արուեստի ակադեմիայի անդամ Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիեանի ծննդեան 80-ամեակին։

Զէքիեան արքեպիսկոպոսին կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացուցած է Ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի հայ գաղթօճախներու եւ սփիւռքի պատմութեան բաժնի վարիչ Գէորգ Ստեփանեան։

Ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի անդամ Ալբերտ Խառատեան շեշտած է Լեւոն արք. Զէքիեանի ներդրումը հայ-իտալական մշակութային կապերու ասպարէզին մէջ։ Նոյն հիմնարկի գիտաշխատող Արծուի Բախչինեան ներկայացուցած է մեծարեալին նախաձեռնութեամբ Իտալիոյ մէջ հիմնուած «Պո-Արաքս» մշակութային ընկերակցութիւնը, որ կը հովանաւորէ ամէն տարի Օգոստոսին Վենետիկի պետական համալսարանի հայագիտական ամպիոնի աջակցութեամբ կազմակերպուող հայոց լեզուի եւ մշակոյթի խտացուած դասընթացքը։ “Այս դասընթացքը Սփիւռքի մէջ հաստատութենական գործունէութեան եզակի օրինակ մըն է”,– նշած է Բախչինեան։

Ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտաշխատող Տորք Դալալեան ներկայացուցած է Լեւոն արք. Զեքիեանի գործունէութիւնը՝ գիտական մարզին մէջ։

Աւարտին, ակադեմիկոս Եուրի Սուվարեան Զեքիեան արքեպիսկոպոսին յանձնած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի շքանշանը։