Հայաստանի եւ Թուրքիոյ բանագնացներու յաջորդ հանդիպումը կը կայանայ Յուլիս 1-ին, Վիեննա

Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի շրջանակին մէջ երկու երկիրներու յատուկ բանագնացներու յաջորդ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Յուլիս 1-ին Վիեննա։ Լուրը հաղորդած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան։

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ բանագնացներ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Սերտար Քըլըչ ցարդ երեք հանդիպում ունեցած են, որոնցմէ առաջինը՝ Մոսկուա, միւս երկուքը՝ կրկին Վիեննայի մէջ։

Բացի այս բանակցութիւններէն, Մարտ 12-ին Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ ալ կայացած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Մեւլիւթ Չաւուշօղլուի տեսակցութիւնը։  

Խմբագրական