Search
Close this search box.

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի մշակոյթի նախարարները քննարկած են Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցը

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարար Ժաննա Անդրէասեան Ֆրանսայի իր պաշտօնակից Ռիմա Ապտուլ Մալաքի հետ քննարկած է Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցը։

Կողմերը անդրադարձած են Ազերպայճանի ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով Արցախի տարածքին վտանգի ենթարկուած աւելի քան 5.000 հայկական պատմամշակութային յուշարձաններու, 20-է աւելի թանգարաններու, այնտեղ պահուող ցուցանմուշներու, ինչպէս նաեւ ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խնդրին:

Ժաննա Անդրէասեան ընդգծած է այս հարցին կապակցութեամբ Ֆրանսայի դերակատարութիւնը՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի եւ Հակամարտութեան գօտիներու մէջ պատմամշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան միջազգային դաշինքի (ALIPH – International Alliance for the Protection of Heritage in Conflict Areas) շրջանակին մէջ:

“Լեռնային Ղարաբաղի հայկական հարուստ պատմամշակութային ժառանգութիւնը այժմ կը գտնուի Ազերպայճանի կողմէ վերացման ու խեղման յստակ սպառնալիքի տակ, եւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի՝ հայկական ժառանգութեան փաստագրման նպատակով փորձագիտական առաքելութեան իրականացումը կարեւոր ազդակ կրնայ հանդիսանալ՝ այս ամէնը լուսաբանելու եւ հրապարակելու գործին մէջ”,– նշած է ԿԳՄՄ նախարարը։

Իր կարգին նախարար Ապտուլ Մալաք տեղեկացուցած է, թէ պաշտօնապէս դիմում կատարած են ԻՒՆԷՍՔՕ-ին՝ Արցախ այցելելու արտօնութիւն ձեռք ձգելու խնդրանքով, որպէսզի կարելի ըլլայ տեղւոյն վրայ արձանագրել հայկական բոլոր պատմամշակութային նմուշները՝ բաղդատելու համար հակամարտութեան գօտիներու մէջ գտնուող ժառանգութեան պաշտպանութեան միջազգային դաշինքին (ALIPH) կողմէ արդէն հաւաքագրուած տարբեր պատկերներու եւ լուսանկարներու հետ:

Քննարկուած են նաեւ շարժանկարի, թատերական արուեստի, մշակութային ժառանգութեան վերականգնման եւ պահպանման, ժամանակակից արուեստի բնագաւառին մէջ տարբեր միատեղ ծրագրերու իրագործման կարելիութիւնները։

Նշենք, թէ սոյն հանդիպումը տեղի ունեցած է Մատենադարանի արխիւներու սրահին մէջ, ուր առժամեայ կը ցուցադրուին Ղուկաս Չուբարեանի՝ տարբեր տարիներու ընթացքին քանդակած գործերը:

Ֆրանսայի Մշակոյթի նախարարին յայտարարութիւնը՝ Գառնիի եւ Նիմ քաղաքի տաճարներու եղբայրացման մասին

Խօսելով մշակութային համագործակցութեան շարունակականութեան մասին՝ Տիկին Ապտուլ Մալաք նշած է, որ կը նախատեսուի նոր ծրագիր մը՝ Գառնիի հեթանոսական տաճարի եւ Նիմ քաղաքի հռչակաւոր Մեզոն Քարրէ (Maison carrée) տաճարի համագործակցութեան ուղղութեամբ։

“Մ.թ. 77-ին կառուցուած Գառնիի տաճարով Հայաստանի մշակութային ժառանգութիւնը կը վկայէ նաեւ հելլենական ժամանակաշրջանի մասին: Այսօր մենք կը յայտարարենք Գառնիի եւ Նիմ քաղաքի՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած Մեզոն Քարրէ տաճարներու եղբայրացման մասին”,– յայտարարած է ան։

Տիկին Ապտուլ Մալաք նաեւ անդրադարձած է Ա. Սպենդիարեան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին հետ փոխադարձ գործակցութեան նոր ծրագրերուն. “Մենք պիտի իրականացնենք մշակութային բնագաւառի բազմաթիւ մասնագէտներու վերապատրաստութեան եւ փորձառութեան փոխանակման ծրագրեր”,– ըսած է ան եւ աւելցուցած.

“Ֆրանքեւհայկական բարեկամական համագործակցութեան համար 2024-ը կարեւոր տարի է, որու ընթացքին պիտի նշուին երկու հարիւրամեակներ՝ Շառլ Ազնաւուրինն ու Սերկէյ Փարաջանովինը: Սա հոյակապ առիթ մըն է, որ մենք կարողանանք թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ֆրանսայի մէջ մեծարել այս երկու կարեւոր անձնաւորութիւնները, որոնք իրենց լուման ներդրած են ոչ միայն ֆրանքեւհայկական, այլեւ համաշխարհային մշակոյթի անդաստանին մէջ”: Նախարարուհին ընդգծած է նաեւ 2024-ին Միսաք Մանուշեանի աճիւնը Ֆրանսայի Պանթէոն փոխադրելու կարեւոր իրադարձութիւնը։ 

Այցելութիւն՝ Սերկէյ Փարաջանովի տուն-թանգարան

Ռիմա Ապտուլ Մալաք այցելած է նաեւ Սերկէյ Փարաջանովի տուն-թանգարանը եւ ծանօթացած համաշխարհային ճանաչում վայելող ֆիլմերու հեղինակ, բեմադիր, բեմագիր, նկարիչ Փարաջանովի նշանաւոր ցուցանմուշներուն, փարաջանովեան արուեստի ինքնատիպ միջավայրին:

Փարաջանովի թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է «Zako» կենդանապատկեր (animation) շարժանկարի ծրագրի շնորհահանդէսը։