ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ կատարուած է  Վրացագիտութեան կեդրոնին բացումը

 

Մարտ 26-ին, Երե­ւանի Պե­տական հա­մալ­սա­րանին մէջ հան­դի­սաւոր արա­րողու­թեամբ բա­ցու­մը կա­տարուած է Վրա­ցագի­տու­թեան կեդ­րո­նին։ Ներ­կայ եղած են Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան, գի­տու­թեան, մշա­կոյ-

թի եւ մար­զանքի նա­խարար Ժան­նա Անդրէասեան եւ Վրաս­տա­նի իր պաշ­տօ­նակից Կիոր­կի Ամի­լախ­վա­րի, Պե­տական հա­մալ­սա­րանի տնօ­րէն Յով­հան­նէս Յով­հաննի­ս-

եան, Բարձրա­գոյն կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան յանձնա­ժողո­վի նա­խագահ Սար­գիս Հա­յոցեան, Լե­զուի յանձնա­ժողո­վի նա­խագահ Սի­րանոյշ Դվո­յեան:

Տի­կին Անդրէասեան իր ելոյ­թին նշած է, թէ կրթու­թեան բնա­գաւա­ռին մէջ եր­կու եր­կիրնե­րու մի­ջեւ առ­կայ է հա­մագոր­ծակցու­թիւնը ընդլայ­նե­լու մեծ նե­րուժ։

Վրա­ցի նա­խարա­րը պատ­մա­կան իրա­դար­ձութիւն որա­կած է Պե­տական հա­մալ­սա­րանին մէջ Վրա­ցագի­տու­թեան կեդ­րո­նին հաս­տատումը։ ■

Խմբագրական