Search
Close this search box.

ՀՌՈՄ – Ցուցադրուած է «Աւրորայի լուսաբացը» ժապաւէնը

 

Մայիս 2-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին առիթով Հռոմի «Սենթ Լուիզ» ֆրանսական հիմնարկին մէջ ցուցադրուած է Francofilm 2024 փառատօնի մրցանակին արժանացած Իննա Սահակեանի “Աւրորայի լուսաբացը” ժապաւէնը:

Ցուցադրութեան ներկայ եղած են Իտալիոյ եւ Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանի դեսպանները, օտար երկիրներու դիւանագէտներ, իտալացի խորհրդարանականներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, իտալացիներ։