ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ. Հրաչուհի Բասենցի անզուգական Տեզտեմոնան՝ Լոնտոնի արքայական օփերայի բեմին վրայ

Յուլիս 12-ին, Լոնտոնի Արքայական օփերայի բեմը կրկին զարդարուած է գերմանաբնակ տաղանդաւոր սոփրանօ Հրաչուհի Բասենցի անկրկնելի ելոյթով՝ այս անգամ Տեզտեմոնայի դերակատարութեամբ, Վերտիի «Օթելլօ»-ին՝ Քեյթ Վարնըրի կողմէ բեմականացման ընթացիկ տարեշրջանի անդրանիկ ներկայացումին։

Orer.eu կայքին համաձայն՝ հանդիսատեսը իր բուռն ծափողջոյններով գնահատած է թէ՛ դերասաններուն խաղը, թէ՛ բեմականացումը եւ թէ՛ խմբավար Տանիէլէ Ռուսթիոնիի ղեկավարած Արքայական նուագախումբին կատարումը։

Հրաչուհի Բասենց ո՛չ միայն  իր նուրբ ու ջերմ ձայնով ներկաները փոխադրած է  շեյքսփիրեան դարաշրջան, այլեւ իր դերասանական կատարողութեամբ կերտած է Տեզտեմոնայի հզօր ու ազդեցիկ կերպարը, որ ո՛չ միայն ուժեղ ու համարձակ, այլեւ նուիրեալ կին մըն էր։

Ներկայացման ընթացքին տաղանդաւոր Հայուհին մեկնաբանած է վիպերգական սիրոյ պատմութիւնը եւ այդ սիրոյ ողբերգական աւարտը, իսկ «Աւէ Մարիա»-էն յետոյ դահլիճը չսպասելով արարին աւարտը՝ իր ծափերով ողողած է բեմը։

Լոնտոնի օփերայի դերասաններու ընտրութեան տնօրէնին համաձայն՝ Հրաչուհի Բասենց իրապէս կը համապատասխանէր Տեզտեմոնայի դերին՝ իր ձայնով, արտաքինով եւ դերասանական վարպետութեամբ։

Լոնտոնեան մամուլը արդէն իսկ շռայլ գնահատականներ տուած է Բասենցի հիասքանչ կատարողութեան։ 

Խմբագրական