Search
Close this search box.

ՇՈՒԷՏ – «Եւրոպական լեզուի օր»-ուան ձեռնարկը՝ Հայաստանի մասնակցութեամբ

Սեպտեմբեր 26-ին, Շուէտի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը մասնակցած է «Եւրոպական լեզուի օր»-ուան նուիրուած ձեռնարկին, կազմակերպուած՝ Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցչութեան կողմէ, շարք մը դեսպանութիւններու եւ լեզուի կեդրոններու մասնակցութեամբ։

Այդ շրջածիրէն ներս Սթոքհոլմի մէջ գործող դպրոցներու շուրջ 600 աշակերտներ առիթը ունեցած են ծանօթանալու Հայոց լեզուին, պատմութեան, մշակոյթին եւ Հայաստանի վերաբերեալ հետաքրքրական փաստերու եւ նիւթերու։

Միջոցառումին մեծապէս աջակցած են «Շուէտի հայուհիներ» միութեան անդամները։

* * *

Սեպտեմբեր 27-ին, Շուէտի մէջ Հայաստանի նոր դեսպան Աննա Աղաջանեան իր հաւատարմագրերը յանձնած է Շուէտի թագաւոր Գառլ Կուստաւ 16-րդին։ Թագաւորական պալատին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան յաջորդած է թագաւորին եւ դեսպանուհիին գլուխ-գլխի զրոյցը։ ■