ՊՈԼԻՍ – «Արաս» հրատարակչատան երդիքին տակ Եսայեան միութիւնը կը բանայ դռները

Մար­տ 12-ին, Իս­թիքլալ պողոտայի «Հը­տիվեալ Փա­լաս» շէն­քին մէջ պաշ­տօ­նապէս բա­ցու­մը կա­տարո­ւած է նո­րակազմ Եսա­յեան մշա­կոյ­թի եւ գրա­կանու­թեան միու­թեան։

Մամուլին յղուած հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է.

«1993 թո­ւակա­նէն մին­չեւ այ­սօր Պոլսոյ մէջ հայ մշա­կոյ­թի եւ գրա­կանու­թեան օր­րան՝ “Արաս” հրա­տարակ­չութեան նե­ցու­կով եւ 2019-էն ի վեր հրա­տարակ­չա­տան կեդ­րո­նատե­ղիին մէջ գոր­ծունէու­թիւն ծա­ւալող “Եսա­յեան սրա­հ”-ի փոր­ձա­ռու­թեան վրայ հիմ­նուելով, 2022 Դեկ­տեմբեր ամ­սուն հիմ­նո­ւեցաւ Եսա­յեան մշա­կոյ­թի եւ գրա­կանու­թեան միու­թիւնը։

“Արաս” հրա­տարակ­չա­տան եր­դի­քին տակ մին­չեւ օրս հա­ւաքո­ւած հա­տոր­նե­րէ գրա­դարան մը կազ­մե­լով, կ՚ու­զենք Թուրքիոյ մէջ խո­րունկ ար­մատ ու­նե­ցող հա­յերէն հրա­տարա­կու­թեան ժա­ռան­գութեան շա­րու­նա­կու­թեան սա­տար կանգնիլ եւ ու­սումնա­սիրա­կան աշ­խա­տանքնե­րու հա­մար պա­րարտ հող պատ­րաստել։

Եր­կար տա­րինե­րու ջան­քի ար­դիւնք գրա­դարա­նը այժմ կը պա­րու­նա­կէ 8000-էն աւե­լի հա­տոր, 200-էն աւե­լի պար­բե­րական­նե­րու հա­զարա­ւոր թի­ւեր, ձե­ռագրեր, թեր­թե­րէ առ­նո­ւած էջեր, լու­սանկար­ներ, քար­տէսներ, նա­մակ­ներ, որ­մազդեր, գրքոյկներ, ձայ­նա­յին եւ տե­սերի­զային ար­ձա­նագ­րութիւններ։

Նո­ւիրա­տւու­թիւննե­րով, նո­ւէր­նե­րով եւ “Արա­ս”- հրա­տարակ­չա­կան աշ­խա­տանքնե­րուն շնորհիւ հազմո­ւած գրա­դարա­նի դա­սաւո­րու­մը եւ ցու­ցա­կագ­րումը 2021 թո­ւակա­նէն ի վեր կը կա­տարուին աշ­խա­տակից­նե­րու եւ կա­մաւոր­նե­րու ջան­քե­րով։ Ցու­ցակնե­րը հա­սանե­լի են yesayan.org կայ­քէ­ջին վրայ։

Նո­րոգու­թեան ըն­թացքը հսկեց ճար­տա­րապետ Զա­քարիա Միլ­տա­նօղ­լու եւ ձե­ւաւո­րու­մը ըրաւ արո­ւես­տա­գէտ Սեր­տար Աքա։ Միու­թիւնը նաեւ բախ­տը ու­նե­ցաւ վա­յելե­լու “Գալ­չըր Սի­վիք” նա­խաձեռ­նութեան օժան­դա­կու­թիւնը, ապա­հովե­լու հա­մար գիր­քե­րուն եւ ար­խիւնե­րուն պա­հոց­նե­րը։

Միու­թեան զա­նազան մշա­կու­թա­յին եւ ակա­դեմա­կան ձեռնարկ­նե­րուն եւ աշ­խա­տանոց­նե­րուն հա­մար ապա­հովո­ւած է տա­րածք մը եւ բո­լոր ու­սումնա­սիրող­նե­րուն եւ այ­ցե­լու­նե­րուն՝ գրա­դարա­նէն օգ­տո­ւելու հա­մար ըն­թերցաս­րահ մը, ինչպէս նաեւ բա­նաւոր պատ­մութեան եւ յի­շողու­թեան աշ­խա­տանքնե­րու հա­մար լսո­ղական եւ տե­սերի­զային ար­ձա­նագ­րութիւններ կա­տարե­լու ան­կիւն մը։ Նաեւ պատ­րաստո­ւած է միու­թեան աշ­խա­տակից­նե­րուն եւ կա­մաւոր­նե­րուն հա­մար գրա­սենեակա­յին ան­կիւն մը, ուր կ՚իրա­կանա­ցուին դա­սաւո­րու­մի եւ ցու­ցա­կագ­րութեան աշ­խա­տանքները»։

Խմբագրական