Search
Close this search box.

«Սերգեյ Փարաճանով․ Չընդհատուած թռիչք» ցուցադրութիւնը

Փարաճանովի 100-ամեակին առիթով, Երեւանի կոնեակի գործատան ARARAT թանգարանի առժամեայ ցուցադրութիւններու սրահին մէջ Յունուար 9-ին բացումը կատարուած է «Սերգեյ Փարաճանով․ Չընդհատուած թռիչք» վերտառութեամբ ցուցահանդէսին, ուր ներկայացուած են յոբելեարի ընկեր, աշակերտ, լուսանկարիչ Եուրի Մեչիտովի լուսանկարները, որոնց մէջ է յայտնի «Թռիչք» (1981) պատկերը։

Վարպետին կեանքն եւ ստեղծագործութիւնները ընկալելու առումով նշեալ լուսանկարը առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ, նկատի ունենալով, որ նկարի  կազմութեան հեղինակը նոյնինքն Փարաճանովն է։