Ֆրանսահայ բեմադիր, դերասան Սիմոն Աբգարեան Երեւանի մէջ

Ֆրանսահայ բեմադիր, դերասան Սիմոն Աբգարեան իր թատերախումբին հետ Հայաստան կը գտնուի։ Ան «Գաբրիէլ Սունդուկեան» թատերասրահին մէջ պիտի ներկայացնէ իր հեղինակած եւ բեմադրած «Էլեքթրան՝ գետնախորշերէն» (Électre des bas-fonds) թատերախաղը։ Յունական ողբերգութեան ենթախորքին ստեղծուած այս գործը արժանացած է երեք «Մոլիէռ» մրցանակի։

Ապրիլ 8-ին Սիմոն Աբգարեան հանդիպում ունեցած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի փոխնախարար Դանիէլ Դանիէլեանի հետ, ներկայութեամբ «Սունդուկեան» թատրոնի տնօրէն Վարդան Մկրտչեանի։

“Դուք մերօրեայ երիտասարդ արուեստագէտների համար ոգեշնչման աղբիւր էք հանդիսանում։ Շատ ուրախ ենք, որ հայ հասարակութիւնը առիթ կ՚ունենայ ձեր ստեղծագործութեան հաղորդակից դառնալու”,– նշած է փոխնախարարը, ներկայացնելով թատրոնի բնագաւառին մէջ նախատեսուող պետական ծրագրերը եւ թատրոնի քննադատական մշակոյթ ձեւաւորելու հեռանկարները: 

Իր կարգին ֆրանսահայ արուեստագէտը յայտնած է, թէ պէտք է ապահովել դերասաններու շփումը եւ փորձառութեան փոխանակումը՝ յատկապէս երիտասարդներուն համար, անոնց արտայայտուելու եւ իրենք զիրենք դրսեւորելու կարելիութիւններ ստեղծելով։ Ան նշելով, թէ վերոնշեալ թատերախաղը պիտի ներկայացուի նաեւ Գիւմրիի մէջ, տեղեկացուցած է, որ իր թատերախումբին եւ Համազգայինի «Սօս Սարգսեան» թատրոնին հետ համագործակցութեան նոր ծրագրեր կը մշակուին։

Տեսակցութեան աւարտին, փոխնախարար Դանիէլեան յաջողութիւն մաղծած է Աբգարեանին՝ յոյս յայտնելով, որ Հայաստանի մէջ իրագործուող ծրագրերը շարունակական բնոյթ կը կրեն։

Խմբագրական