Search
Close this search box.

Ֆրանսայի Մշակոյթի նախարարին Հայաստան այցելութիւնը

 

Ան յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին 

Հոկտեմբեր 25-ին երկօրեայ պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Ռիմա Ապտուլ Մալաքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Ազգային ժողովի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Անն-Լոռանս Փեթէլ, երեսփոխան Անն Ժընըթէ , Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Լոռանս Ֆառան, Լիոնի նախկին քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեան, Լուվրի թանգարանի նախագահ-տնօրէն Լոռանս տէ Գար, դիւանագէտ, ALIPH ընկերակցութեան գործադիր-տնօրէն Վալերի Ֆրելանտ, ֆրանսահայ արուեստագէտներ, անոնց մէջ՝ դերասան Սիմոն Աբգարեան, դաշնակահար Անտրէ Մանուկեան, մշակոյթի բնագաւառի այլ ներկայացուցիչներ:

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարար Ժաննա Անդրէասեանի ուղեկցութեամբ, Տիկին Ապտուլ Մալաքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հոկտեմբեր 26-ի առաւօտեան այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներու յիշատակին: Նախարարուհին շրջած է յուշահամալիրի յիշատակի ծառուղիին մէջ, ուր նախապէս եղեւին տնկած է նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնի պաշտօնակատար Էդիտա Գզոյեան հիւրերուն ներկայացուցած է յուշահամալիրի կառուցման պատմութիւնն ու խորհուրդը, ինչպէս նաեւ բազալթէ յուշապատին յաւերժացած Ֆրանց Վերֆելի, Եոհաննէս Լեփսիուսի, Անաթոլ Ֆրանսի գործունէութիւնը՝ ընդդէմ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայերու ցեղասպանութեան:

Ֆրանսայի պատուիրակութիւնը շրջած է նաեւ թանգարան-հիմնարկին մէջ, ծանօթացած ներկայացուած ցուցադրութիւններուն:

Նախարարուհին նոյն օրը այցելած է «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանը: